
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-Ուու Շու-ի ֆետերասիոնին, Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի, Լիբանանի Թաու Լուի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ:
Այս մրցաշարքին ներկայ էին ֆետերասիոնին նախագահ Ժորժ Նսէյր, փոխնախագահ Ժաք Տաղլեան, մարզական պատասխանատուներ եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Մրցաշարքին ամբողջ տեւողութեան, մարզիկներուն միջեւ մարզական ոգին եղաւ քաջալերելի եւ մրցումները ընթացան հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ:
Աւարտին Այնճարի Սեւ գօտիներու միութիւնը ապահովելով 143 կէտ, գրաւեց երկրորդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց Պաապտայի Անտոնեան վարժարանը (205 կէտ), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Նոթրը Տամ Լուէյզի (31 կէտ):
Այնճարի Սեւ գօտիներու միութիւնը ներկայացնող խումբը կը բաղկանար հետեւեալ մարզիկներէն.
Աննա Հերկելեան, Ռանուա Պըրպերի, Արինա Աբրահամեան, Սելին Ապրումեան, Անի Գազանճեան, Դինա Քիւրտեան, Հելեն Եահիա, Գետակ Այնթապլեան, Մայքըլ Մարտիկեան, Սերօ Անտոնեան, Մինաս Զաքարեան, Ռուբէն Քիւրտեան, Վարանդ Անտոնեան, Սերօ Գալեմքերեան, Ժատ Աժամի եւ Սերժ Թասլաքեան:


