Շաբաթ, 28 մայիսին, «Սան Սերօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին զուտ սպանական ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ:
Ռէալ Մատրիտ 11-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) տիրացաւ տիտղոսին, երբ փենալթիներով` 5-3 արդիւնքով յաղթեց Աթլեթիքոյին:
Նշենք, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:
Շուրջ 72 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Մարք Քլաթենպըրկ (Անգլիա):
Մրցումին 15-րդ վայրկեանին, Սերճիօ Ռամոս նշանակեց Ռէալի կոլը, իսկ Եաննիք Ֆերէյտաքարաքօ` Աթլեթիքոյի հաւասարութեան կոլը (79-րդ):
Նշենք, որ փենալթիներու ընթացքին Խուան Ֆրան ձախողեցաւ կոլ նշանակելու իր առաքելութեան մէջ, մինչ Ռէալի յաղթանակի 5-րդ փենալթին կոլի վերածեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: