
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ պիտի ըլլայ զուտ սպանական, տեղի պիտի ունենայ վաղը շաբաթ, 28 մայիսին, Միլանօ քաղաքին մէջ: Այս ճակատումին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ:
Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:


