
Քոսովոյի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի 17-րդ անհատական ախոյեանութիւնը, որ ունէր 236 մասնակցող:
11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի 8 ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան:
Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Զաւէն Անդրէասեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին: Միակ պարտութիւնը կրեց Արման Փաշիկեան:
9 կէտ ապահովելով Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Էռնեսթօ Ինարքիեւ (Ռուսիա):
Հայրենի կրանտմասթըրներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեցին Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան (7,5-ական կէտ): 7-ական կէտ ապահովեցին Զաւէն Անդրիասեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան, Արման Փաշիկեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան:
Միջազգային վարպետ Մանուէլ Պետրոսեան ապահովեց 6,5 կէտ:


