
Երէկ` երեքշաբթի, 24 մայիսին Պուրճ Համուտի նորընտիր քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, քաղաքապետութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շեհաֆ, ինչպէս նաեւ անդամներ Մազեն Քպէյսի եւ Համբիկ Միսաքեան:
Այցելուները նախ եւ առաջ շնորհաւորեցին նորընտիր քաղաքապետը` իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Ընդհանուր եւ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանեան ֆութպոլին վերաբերող ընդհանուր հարցերու, ինչպէս նաեւ իրարու հետ գործակցելու կարելիութիւնները աւելի ամրապնդելու եւ ճիշդ հունի մէջ դնելու անհրաժեշտութեան:
Ընդհանուր գիծերու մէջ խօսուեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մասին:
Աւարտին այցելուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետին` զիրենք հիւրընկալած ըլլալուն համար, եւ անոր մաղթեցին յաջողութիւն:


