Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց աւարտական առաջին ճակատումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, տեղի կ՛ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 24 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Թէեւ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին վրայ (ըստ դասաւորման), սակայն ասիկա չի նշանակեր երբեք, որ դաշտին տէրը պիտի ըլլայ յաղթականը:
Եթէ ՀՄԸՄ կարենայ լաւ ներկայացում մը կատարել եւ կիրարկել խմբային բացառիկ խաղարկութիւն, շատ դիւրութեամբ կրնայ յաղթել իր մրցակիցին:
Կարեւորը մրցումին ընթացքին նուազագոյն չափով քիչ սխալներ կատարելն է եւ շատ կէտեր նշանակելը:
Այդպիսի խաղարկութիւն կիրարկելու պարագային յաղթանակը կ՛ըլլայ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Նշենք, որ դաշտին մուտքը անվճար է:


