
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, երէկ կէսօրէ առաջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մէկ պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ եւ գործադիր մարմնի անդամ Վաչէ Ծատուրեան:
Այս այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան մարզական շարք մը հարցեր` ամրապնդելու համար երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան սերտ կապերը:
Պատուիրակութեան անդամները յայտնեցին, որ իրենք շնորհակալութիւն կը յայտնեն նոր դեսպանին, որ մօտէն հետաքրքրուած է լիբանանեան մարզաշխարհով:
Այդ ուղղութեամբ երկու երկիրներուն միջեւ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ փրոթոքոլային համաձայնագիրի կնքում` Հայաստանի մէջ:
Հանդիպումի աւարտին պատուիրակութեան անդամները դեսպանին տեղեկացուցին, որ այդ ուղղութեամբ իրենց աշխատանքները պիտի շարունակեն Ռըսթոմ եւ Ծատուրեան: