Մարզական

Եուրօ-2016.  Հիւրընկալ Երկիրը Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը` 80 Հազար Հանդիսատեսներու Ներկայութեան

Եուրօ-2016. Հիւրընկալ Երկիրը Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը` 80 Հազար Հանդիսատեսներու Ներկայութեան

Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիսին, Ֆրանսայի մէջ սկսաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան`  Եուրօ-2016-ի մրցաշարքը, որ ճիշդ ամիս մը իրարու մօտ պիտի համախմբէ եւրոպական տարբեր երկիրներէ եկած ֆութպոլիստներն ու անոնց համակիրները: Երէկ, բացման պաշտօնական հանդիսաւոր արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Ֆրանսա -Ռումանիա մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ֆրանսայի յաղթանակով: Անիկա 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ռումանիոյ: Նշենք, որ այսօր եւ վաղը տեղի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պիպլոս – Ռիատի Պէյրութ 4-րդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը Տեղի Կ՛ունենան Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Գ. Հանգրուանի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան վաղը` կիրակի, 12 յունիսին: Չորս ճակատումներն ալ տեղի պիտի ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ կրած է երկու պարտութիւն: ՀՄԸՄ-ի կազմերէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել: Ստորեւ` յայտագիրը.   ԺԱՄ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Պըրժ...

Կռփամարտ. Հայաստանի 6 Ներկայացուցիչները Հասան Քառորդ Աւարտական

Ռուսիոյ Անափա քաղաքին մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն 6-ը իրենց արձանագրած յաղթանակներուն եւ տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Այդ 6 մարզիկներն են` Արսէն Աբգարեան (49 քկ), Ճորճիկ Մարութեան (56 քկ), Գուրգէն Յովհաննիսեան (91 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (52 քկ), Տոնի Գալստեան (64 քկ) եւ Գուրգէն Մատոյեան (69 քկ), տեղեկացուց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական...

Հայկական Ֆութպոլ. Բանանց Կը Պատրաստուի «Եուրոփա Լիկ»-ի Մրցաշարքին

Բանանց Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ խումբը արդէն իսկ վերսկսած է իր փորձերուն` պատրաստուելու համար 30 յունիսին եւ 7 յուլիսին տեղի ունենալիք «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի երթուդարձի մրցումներուն: Հայկական կազմի մրցակիցին անունը կը յստականայ 20 յունիսին, երբ տեղի ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:

Թենիս. Նատալ Բացակայ` Ուիմպըլտընի Մրցաշարքէն

Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 4-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 27 յունիսին սկսելիք թենիսի Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին: 30 տարեկան Նատալ իր այս յայտարարութիւնը կատարեց յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Այժմ անոր գլխաւոր մտահոգութիւնը այն է, որ ան լաւապէս ապաքինած պիտի ըլլա՞յ մինչեւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերը` յառաջիկայ օգոստոսին սկիզբը: Նշենք,...

Նաւաս Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան

Ռէալ Մատրիտի եւ Քոսթա Ռիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային բերդապահ Քէյլոր Նաւաս ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան, տեղեկացուց արքայական ակումբին պաշտօնական կայքը: «Լա Լիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանին Նաւաս մասնակցեցաւ 34 մրցումի` իր բերդին մէջ ստանալով 28 կոլ:  

«Քոփա- Ամերիքա».  Չորս Խումբեր Յաղթանակով  Սկսան Մրցաշարքը

«Քոփա Ամերիքա». Ուրուկուէյ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Երէկ, «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ Գ. խմբակին մէջ կատարուեցան երկու ճակատումներ: Ուրուկուէյ, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր, երէկ 1-0 արդիւնքով իր երկրորդ պարտութիւնը կրելով Վենեզուելայէն դուրս մնաց մրցաշարքէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սալոմոն Ռոնտոն (36-րդ): 15 անգամ այս մրցաշարքին ախոյեանը հանդիսացած (մրցանիշ մը) Ուրուկուէյի այս անակնկալ պարտութիւնը բնականաբար եղաւ քիչ մը դժուար` անոր համակիրներուն...

Եուրօ-2016.  Այսօր` Մրցաշարքին Պաշտօնական Բացումը, Որմէ Ետք`  Ֆրանսա – Ռումանիա Բացման Մրցումը

Եուրօ-2016. Այսօր` Մրցաշարքին Պաշտօնական Բացումը, Որմէ Ետք` Ֆրանսա – Ռումանիա Բացման Մրցումը

Աշխարհի ֆութպոլասէր հասարակութեան հայեացքները այսօր պիտի ուղղուին Ֆրանսայի մայրաքաղաք` Փարիզ, ուր տեղի պիտի ունենայ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Ֆրանսա-Ռումանիա բացման մրցումը (Ա. խմբակ), Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 22:00-ին: Յետադարձ ակնարկ մը նետելով նոյեմբեր 2015-ին յիշեցնենք, որ Ֆրանսա ապրեցաւ սեւ օր մը, երբ իսլամական յարձակումի մը զոհ գացին 130 անձեր նոյն այն վայրին մէջ, ուր...

Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի «Կրենտ Չես Թուր-2016»-ին

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի «Կրենտ Չես Թուր - 2016»-ի գերմրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողները: Մրցաշարքը, որ սկսաւ երէկ, կ՛աւարտի 12 յունիսին, երբ տեղի կ՛ունենան արագ եւ կայծակնային ճատրակի խաղերը: Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա, հոլանտացի Անիշ Կիրի, ռուս Վլատիմիր Քրամնիք, ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա, պուլկարացի...

Տիգրան Կէօքճեան. «Նպատակ Ունիմ Զարգացնել Եւ Նոր Մակարդակի Հասցնել Հայկական Պասքեթպոլը»

Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը նախանցեալ օր սկսաւ մէկ ամսուան ուսումնամարզական հաւաքի մը` պատրաստուելու համար Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան: Այդ հաւաքին միացաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեան, որ լիբանանեան Սաժես ակումբին օգնական մարզիչն է: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին հետ ան ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ հետեւեալ կարեւոր կէտերուն. «Խումբին նոր միացած եմ եւ...

Եուրօ – 2016.  Մրցաշարքին Ամբողջական Յայտագիրը

Զ. Խմբակին Մաս Կազմող Մարզիկները

«Ազդակ»-ի այսօրուան մարզական էջով կ՛ամբողջանան Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող 24 խումբերուն մաս կազմող մարզիկներուն անունները: Անցնող հինգ օրերուն տուինք Ա., Բ., Գ., Դ. եւ Ե. խմբակներուն կազմերը: Ստորեւ` Զ. խմբակին մարզիկներուն անունները. ԱՒՍՏՐԻԱ ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Ռոպերթ Ալմեր (Աւստրիա Վիեննա), Հայնց Լինտնըր (Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ) եւ Ռամազան Էօզքան (Ինկոլսթատթ): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Ալեքսանտար Տրակովիչ (Տինամօ Քիեւ), Քրիսթիան Ֆուշս (Լայսթըր Սիթի), Կիորկի Կարիքս (Տարմսթատթ), Մարթին...

«Քոփա- Ամերիքա».  Չորս Խումբեր Յաղթանակով  Սկսան Մրցաշարքը

«Քոփա Ամերիքա». Պրազիլ Ջախջախեց Հայիթին` 7-1 Արդիւնքով

Քութինիօ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ հաւասարութեամբ սկսած էր «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ 7-1 արդիւնքով ջախջախեց Հայիթին (Բ. խմբակ): Քութինիօ հեթրիք մը իրագործեց (14-րդ, 29-րդ եւ 90-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Ռենաթօ Օկոսթօ (35-րդ եւ 86-րդ), Կապրիել (59-րդ) եւ Լուքաս Լիմա (67-րդ): Հայիթի իր միակ կոլը նշանակեց 70-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Ճէյմս Մարսելինի: Երէկուան երկրորդ...

Պասքեթպոլ. Սթեֆըն Քարի Պիտի Բացակայի Ռիօ-2016-ի Ողիմպիականէն

Կոլթըն Սթէյթ Ուորիըրզի մաս կազմող Սթեֆըն Քարի իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք 2016-ի ողիմպիականի պասքեթպոլի խաղերուն, յայտնեց «Տը Մերքիւրի Նիուզ»: «Էն. Պի. Էյ.»-ի կրկնակի ամէնէն արժէքաւոր պասքեթպոլիստը (MVP) պիտի բացակայի Միացեալ Նահանգներու կազմէն, որպէսզի հանգիստ ընէ եւ լաւապէս ապաքինի իր ստացած վնասուածքէն` նկատի ունենալով, որ ան արդէն իսկ իր կազմին հետ կը մասնակցի «Էն. Պի....

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Կրտսերներու Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Փինկ Փոնկ. Փաթրիք Ասսաֆի Մրցաշարքին Արձանագրութիւնները Սկսան

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, 29 ու 30 յունիսին եւ 1 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Փաթրիք Ասսաֆի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի տարեկան 12-րդ մրցաշարքը` վերոնշեալ ակումբին սրահներուն մէջ: Արձանագրութիւնները, որոնք արդէն իսկ սկսած են, կ՛աւարտին ուրբաթ, 24 յունիսին, յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին: Արձանագրութեան համար կարելի է կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 05-921323, 03-868373, 03-240412 եւ 03-255612, ինչպէս նաեւ հետեւեալ ե-նամակի հասցէին փոխանցել մասնակցողին...

Եւրոպայի Ճատրակի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիլիթ Մկրտչեան Գրաւեց 4-րդ Դիրքը

Հայաստանի ճատրակի աղջկանց ազգային հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան, 11 հանգրուանի մրցումներէ ետք 8 կէտ ապահովելով գրաւեց 4-րդ դիրքը: Ան կէս կէտով միայն ետ մնաց առաջին երեքէն: Տիտղոսին տիրացաւ Աննա Ուշենինա:

Շարափովա 2 Տարիով Կախակայուեցաւ

Թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման նախկին պարագլուխի դիրքը գրաւող ռուս Մարիա Շարափովա թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ երէկ 2 տարիով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան այս տարի Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին արգիլուած խթանիչ դեղ (Մելտոնիոմ) գործածած էր: Այդ կախակայումը կը սկսի այս տարուան 26 յունուարէն, ինչ որ կը նշանակէ, որ վերոնշեալ մրցաշարքին մինչեւ քառորդ աւարտական անոր ապահոված կէտերը եւ...

Վեթերան Վենթուրա` Իտալիոյ Յաջորդ Մարզիչը

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ճիամփիեռօ Վենթուրա (68 տարեկան) նշանակուեցաւ Իտալիոյ նոր մարզիչ: Վենթուրա իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքէն անմիջապէս ետք` փոխարինելով այժմու մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէն: Վեթերան Վենթուրա, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ոչ մէկ տիտղոսի տիրացած է եւ եղած է իտալական աւելի ցած դասակարգերուն մաս կազմող խումբերու մարզիչ, Իտալիոյ...

Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Կը Մրցի Գէորգի Ղազանչեանի Գլխաւորած Խումբին Դէմ

Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը 28 եւ 29 յունիսին Երեւանի մէջ պիտի կատարէ պասքեթպոլի բարեկամական երկու մրցում` Վրաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականին դէմ, կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը: Երկու հաւաքականներն ալ կը նախապատրաստուին 2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Նշենք, որ վրացական հաւաքականը կը գլխաւորէ Գէորգի Ղազանչեան, որ անցեալին աշխատած է Հատիս Երեւանի եւ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին հետ: Նշենք, որ մրցումները տեղի...

Տարօն Ոսկանեան Տեղափոխուեցաւ Կիպրոս

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Փիւնիկ Երեւանի կեդրոնի յետսապահ Տարօն Ոսկանեան տեղափոխուեցաւ Կիպրոս, յայտնեց ArmSport.am: 23 տարեկան ֆութպոլիստը պայմանագրութիւն մը կնքեց Կիպրոսի բարձրագոյն խումբի նորեկ Քարմիոթիսայի հետ: Կողմերը կնքեցին սկզբնական մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը` յառաջիկային զանիկա երկարաձգելու նպատակով:

Եուրօ-2016. Հունգարացի Քասայ` Բացման Մրցումին Իրաւարարը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ երէկ հրապարակուած լուրի մը մէջ նշուեցաւ, որ ուրբաթ, 10 յունիսին, Ֆրանսա-Ռումանիա եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան բացման մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ հունգարացի Վիքթոր Քասայ: Մնացեալ իրաւարարները պիտի ըլլան Կէորկի Ռինկ, Վենսել Թոթ (կողմի իրաւարարներ), Թամաս Պոկնար, Ատամ Ֆարքաս (բերդերուն ետեւի իրաւարարները), Պիոռն Քուիփերս (չորրորդ իրաւարար) եւ Սանտեր Վան Ռոյեքըլ (պահեստի օգնական իրաւարար):

Page 1097 of 1276 1 … 1,096 1,097 1,098 … 1,276

Արխիւներ