Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, 29 ու 30 յունիսին եւ 1 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Փաթրիք Ասսաֆի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի տարեկան 12-րդ մրցաշարքը` վերոնշեալ ակումբին սրահներուն մէջ:
Արձանագրութիւնները, որոնք արդէն իսկ սկսած են, կ՛աւարտին ուրբաթ, 24 յունիսին, յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին: Արձանագրութեան համար կարելի է կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն.
05-921323, 03-868373, 03-240412 եւ 03-255612, ինչպէս նաեւ հետեւեալ ե-նամակի հասցէին փոխանցել մասնակցողին անունը csj@ndj.edu.lb :


