Ռուսիոյ Անափա քաղաքին մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն 6-ը իրենց արձանագրած յաղթանակներուն եւ տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Այդ 6 մարզիկներն են` Արսէն Աբգարեան (49 քկ), Ճորճիկ Մարութեան (56 քկ), Գուրգէն Յովհաննիսեան (91 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (52 քկ), Տոնի Գալստեան (64 քկ) եւ Գուրգէն Մատոյեան (69 քկ), տեղեկացուց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: