Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիսին, Ֆրանսայի մէջ սկսաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` Եուրօ-2016-ի մրցաշարքը, որ ճիշդ ամիս մը իրարու մօտ պիտի համախմբէ եւրոպական տարբեր երկիրներէ եկած ֆութպոլիստներն ու անոնց համակիրները:
Երէկ, բացման պաշտօնական հանդիսաւոր արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Ֆրանսա -Ռումանիա մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ֆրանսայի յաղթանակով: Անիկա 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ռումանիոյ:
Նշենք, որ այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ:
– Ֆրանսա Յաղթեց
Ռումանիոյ (2-1)` Պաշտօնական
Բացման Արարողութենէն Ետք
– Վաղը` Գերմանիա – Ուքրանիա
Հետաքրքրական Ճակատում
80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտը, ազդանշանը տրուեցաւ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցաշարքը պիտի տեւէ մինչեւ 10 յուլիս:
Նախքան բացման մրցումը, ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ, ճոխ յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ մրցաշարքը:
Պարողներ, երգիչներ եւ արուեստագէտներ, եկան տօնական մթնոլորտ մը ստեղծելու մարզադաշտին վրայ` տարբեր տեսակի պարեր ցուցադրելով:
Անոր յաջորդեց բացման մրցումը, երբ Ա. խմբակին մաս կազմող հիւրընկալ երկիրը` Ֆրանսա, ճակատեցաւ Ռումանիոյ դէմ` հսկողութեամբ օրուան կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար Վիքթոր Քասայի (Հունգարիա):
Ա. կիսախաղը թէեւ աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին նշանակուեցաւ երկու կոլ:
57-րդ վայրկեանին Օլիվիէ Կիրու նշանակեց Ֆրանսայի եւ օրուան մրցումին առաջին կոլը: Սակայն 65-րդ վայրկեանին Ռումանիա փենալթիով նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Պոկտան Սթանքուի:
Բայց եւ այնպէս, մրցումին աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ, Տմիթրի Փայէ սքանչելի կոլով մը պարտութեան մատնեց ռումանացիներուն բերդապահը, որ բացի դիտելէ ոչինչ կրնար ընել դէպի իր բերդը ուղղուող ուժգին գնդակին:
Այսպիսով, Ֆրանսա արձանագրեց մրցաշարքին առաջին յաղթանակը եւ երեք կէտը ապահովեց իր կազմին համար, որ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 15 յունիսին` Ալպանիոյ դէմ:
Ֆրանսայի խմբակին մէջ, այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 16:00-ին, Ալպանիա կը մրցի Զուիցերիոյ դէմ:
Այսօր տեղի կ՛ունենան երկու այլ մրցումներ` Բ. խմբակին մէջ:
Ժամը 19:00-ին (բոլոր ժամերն ալ պէտք է նկատի ունենալ Պէյրութի ժամանակացոյցով) Կալես կը մրցի Սլովաքիոյ դէմ, մինչ ժամը 22:00-ին տեղի կ՛ունենայ հետաքրքրական ճակատում մը` Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ:
Վաղուան գծով երկու մրցումները տեղի կ՛ունենան Գ. խմբակին մէջ:
Ժամը 19:00-ին Լեհաստան կը մրցի Հիւսիսային Իրլանտայի դէմ, իսկ ժամը 22:00-ին Գերմանիա` Ուքրանիոյ դէմ:
Նշենք, որ բոլոր մրցումներուն ալ ապահովութեան խիստ միջոցառումներ որդեգրուած են: