Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան վաղը` կիրակի, 12 յունիսին:
Չորս ճակատումներն ալ տեղի պիտի ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ կրած է երկու պարտութիւն:
ՀՄԸՄ-ի կազմերէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել:
Ստորեւ` յայտագիրը.
ԺԱՄ | |
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Պըրժ Այնթուրա | 13:00 |
Ժամհուր – Հուփս Մեթն | 14:30 |
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անուար | 16:00 |
Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ – Պիլիվըրզ | 17:30 |