
Թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման նախկին պարագլուխի դիրքը գրաւող ռուս Մարիա Շարափովա թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ երէկ 2 տարիով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան այս տարի Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին արգիլուած խթանիչ դեղ (Մելտոնիոմ) գործածած էր:
Այդ կախակայումը կը սկսի այս տարուան 26 յունուարէն, ինչ որ կը նշանակէ, որ վերոնշեալ մրցաշարքին մինչեւ քառորդ աւարտական անոր ապահոված կէտերը եւ ստացած պարգեւները կը խլուին:


