
Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ճիամփիեռօ Վենթուրա (68 տարեկան) նշանակուեցաւ Իտալիոյ նոր մարզիչ:
Վենթուրա իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքէն անմիջապէս ետք` փոխարինելով այժմու մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէն:
Վեթերան Վենթուրա, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ոչ մէկ տիտղոսի տիրացած է եւ եղած է իտալական աւելի ցած դասակարգերուն մաս կազմող խումբերու մարզիչ, Իտալիոյ հետ իր առաքելութեան պիտի սկսի 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներով:


