
Կոլթըն Սթէյթ Ուորիըրզի մաս կազմող Սթեֆըն Քարի իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք 2016-ի ողիմպիականի պասքեթպոլի խաղերուն, յայտնեց «Տը Մերքիւրի Նիուզ»:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի կրկնակի ամէնէն արժէքաւոր պասքեթպոլիստը (MVP) պիտի բացակայի Միացեալ Նահանգներու կազմէն, որպէսզի հանգիստ ընէ եւ լաւապէս ապաքինի իր ստացած վնասուածքէն` նկատի ունենալով, որ ան արդէն իսկ իր կազմին հետ կը մասնակցի «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի աւարտական մրցումներուն:
Կը խօսուի նաեւ, որ անոր խմբակից Անտրէ Իկուտալա նոյնպէս մտադիր է հրաժարիլ ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ, որովհետեւ մտահոգ է, որ կրնայ վարակուիլ Պրազիլի մէջ տարածուած «Զիքա» հիւանդութենէն:


