Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 4-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 27 յունիսին սկսելիք թենիսի Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին:
30 տարեկան Նատալ իր այս յայտարարութիւնը կատարեց յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Այժմ անոր գլխաւոր մտահոգութիւնը այն է, որ ան լաւապէս ապաքինած պիտի ըլլա՞յ մինչեւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերը` յառաջիկայ օգոստոսին սկիզբը:
Նշենք, որ Նատալ վերջերս տեղի ունեցած «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին վիրաւորուած էր եւ այժմ հանգիստի կարիք ունի: