
Աշխարհի ֆութպոլասէր հասարակութեան հայեացքները այսօր պիտի ուղղուին Ֆրանսայի մայրաքաղաք` Փարիզ, ուր տեղի պիտի ունենայ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Ֆրանսա-Ռումանիա բացման մրցումը (Ա. խմբակ), Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 22:00-ին:
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով նոյեմբեր 2015-ին յիշեցնենք, որ Ֆրանսա ապրեցաւ սեւ օր մը, երբ իսլամական յարձակումի մը զոհ գացին 130 անձեր նոյն այն վայրին մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ այսօրուան բացման մրցումը:
Նոյեմբերեան այդ դէպքէն ետք կը կարծուէր, որ Ֆրանսա պիտի չկարենայ հիւրընկալել այս մրցաշարքը:

Սակայն այդ դէպքէն ետք ապահովական ուժերը խստացուցին եւ «Փարք տը Փրենս» մարզադաշտի ամբողջ շրջակայքին որդեգրեցին ապահովական խիստ միջոցառումներ` որեւէ անախորժ դէպքի մը առաջքը առնելու համար:
Գերմանիա պիտի փորձէ չորրորդ անգամ ըլլալով տիրանալ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը միշտ ալ նիւթական պարգեւներ կը խոստանայ խումբին մարզիկներուն:

Եթէ պատահի, որ Գերմանիա ըլլայ տիտղոսակիր, իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ստանայ 300 հազար եւրոյի պարգեւ, ինչ որ կը նկատուի բաւական կոկիկ գումար մը:
Սակայն 5 խումբեր, որոնք ունին ամէնէն բարձրորակ կազմերը, կը նկատուին տիտղոսին թեկնածու եղող խումբերու կարգին: Անոնք են` Ֆրանսա, Գերմանիա, Սպանիա, Անգլիա եւ Պելճիքա, կը յայտնէ «Եուրօ Նիուզ»:

Բայց եւ այնպէս այժմէն իսկ հաշիւներ ընելը ամբողջութեամբ սխալ է` նկատի ունենալով, որ ֆութպոլի կլոր գնդակի աշխարհին մէջ միշտ ալ անակնկալներ կ՛ըլլան:
Յամենայն դէպս, 24 խումբերն ալ պիտի պայքարին տիտղոսին տիրանալու համար, ի վերջոյ միայն մէկը պիտի ապահովէ մրցաշարքին տիտղոսը:
Յուսալի է, որ այս մէկ ամսուան ընթացքին բոլոր կազմերն ալ ցուցադրեն բարձրորակ խաղարկութիւն:



