Բանանց Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ խումբը արդէն իսկ վերսկսած է իր փորձերուն` պատրաստուելու համար 30 յունիսին եւ 7 յուլիսին տեղի ունենալիք «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի երթուդարձի մրցումներուն:
Հայկական կազմի մրցակիցին անունը կը յստականայ 20 յունիսին, երբ տեղի ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: