
Հայաստանի ճատրակի աղջկանց ազգային հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան, 11 հանգրուանի մրցումներէ ետք 8 կէտ ապահովելով գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Ան կէս կէտով միայն ետ մնաց առաջին երեքէն:
Տիտղոսին տիրացաւ Աննա Ուշենինա:


