Մարզական

Եուրօ-2016. Պիւֆոն Միակը, Որ Երեք Ախոյեանութեանց Կը Մասնակցի Իբրեւ Խմբապետ

Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Իտալիա-Պելճիքա Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան յաղթական կազմին` Իտալիոյ 38 տարեկան բերդապահը` Ճիանլուիճի Պիւֆոն, իր անունը արձանագրեց Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին: Անկախ անոր կազմին արձանագրած արդիւնքէն (2-0), ան հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ Եուրոյի երեք ախոյեանութիւններու (2008, 2012 եւ 2016) կը մասնակցի իբրեւ խմբապետ: Ասիկա ցարդ չէր կատարած ոեւէ այլ ֆութպոլիստ:

Ճատրակ. Եւրոպայի Վեթերաններու 16-րդ Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հրապարակեց Եւրոպայի ճատրակի վեթերաններու 16-րդ ախոյեանութեան յաղթականներուն եւ մրցանակակիրներուն անունները: Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու մրցումներ: Տղոց 50 տարեկան եւ վեր դասակարգին մէջ, Ռաֆայէլ Վահանեան հանդիսացաւ երրորդ` տիրանալով պրոնզ մետալին: Աղջկանց 50 տարեկան եւ վեր, տղոց 65 տարեկան եւ վեր, ինչպէս նաեւ աղջկանց 65 տարեկան եւ վեր դասակարգերուն մէջ, առաջին երեքին մէջ հայրենի վեթերաններու այլ անուններ...

Տունկա Պաշտօնանկ Եղաւ

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Քարլոս Տունկա, ինչպէս նաեւ անոր բոլոր օգնականները պաշտօնանկ եղան: Նշենք, որ 52 տարեկան Տունկա երկրորդ անգամ ըլլալով կը նշանակուէր Պրազիլի մարզիչ. առաջինը` 2014-ին: Անոր պաշտօնազրկումը բնականաբար հետեւանք է խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն` «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին, երբ խումբը 4 կէտ ապահովելով չկրցաւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան`...

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Պասքեթպոլի Խումբին Մեծարանքի Հանդիսութիւն

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Պասքեթպոլի Խումբին Մեծարանքի Հանդիսութիւն

- Ուալիտ Նասսար. «Նոր Տարեշրջանին Պիտի Ըլլամ ՀՄԸՄ-ի Հետ» - Նախարար Հըննաուի. «Խոստացանք Եւ Պիտի Օժանդակենք ՀՄԸՄ-ին» Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը պատուեց իր պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեան: Այս հանդիսութեան ներկայ էին` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ...

Եուրօ-2016.  Փորթուգալ – Իսլանտա` 1-1 Եւ  Աւստրիա – Հունգարիա` 0-2. Ռուսիա Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Եուրօ-2016. Փորթուգալ – Իսլանտա` 1-1 Եւ Աւստրիա – Հունգարիա` 0-2. Ռուսիա Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Զ. խմբակին մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցան Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկու ճակատումներ: Առաջին մրցումին, Հունգարիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Աւստրիոյ, աւելի քան 34 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Ատամ Սզալայ (63-րդ) եւ Զոլթան Սթիեպըր (87-րդ) նշանակեցին Հունգարիոյ կոլերը: Օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր ֆրանսացի Քլեման Թիւրփին: Նշենք, որ Աւստրիա մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Ալեքսանտր Տրակովիչ կարմիր քարտ մը ստացաւ (66-րդ): Երկրորդ մրցումը,...

«Քոփա- Ամերիքա».  Չորս Խումբեր Յաղթանակով  Սկսան Մրցաշարքը

«Քոփա Ամերիքա». Գ. Խմբակին Մրցումները Աւարտեցան

Մեքսիքա-Վենեզուելա մրցումէն «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած երկու մրցումներով աւարտեցան Գ. խմբակին ճակատումները: Մրցումները արդէն իսկ այդքան ալ կարեւոր չէին` նկատի ունենալով, որ երկուքական յաղթանակ արձանագրած Մեքսիքա եւ Վենեզուելա, որոնք երէկ ճակատեցան իրարու դէմ, արդէն իսկ ապահոված էին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: Անոնց միջեւ երէկուան այս ճակատումը, աւելի քան 67 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:...

Անդրադարձ.  Երազը Իրականացաւ

Անդրադարձ. Երազը Իրականացաւ

ՅԱԿՈԲ ՃԷՐԷՆԵԱՆ Այո՛, սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, սիրելի՛ համակիրներ. ահաւասիկ, մեր երազը, որ տարիներէ ի վեր կը հետապնդէինք եւ որուն կը սպասէինք, արդէն իսկ իրականացած է: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը, որ տարիներէ ի վեր կը պայքարէր` գրաւելու համար առաջին դիրքը եւ դառնալու Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան, այժմ իրականացուցած է իր երազը: Շատ անգամներ դաշտերէն կը մեկնէինք տխուր, բայց ինչպէս երգը...

Եուրօ-2016.  Տիտղոսակիր Սպանիա Յաղթեց Չեխիոյ. Փիքէ` Միակ  Կոլի Հեղինակ.  Իրլանտա-Շուէտ` 1-1,  Իտալիա-Պելճիքա` 2-0

Եուրօ-2016. Տիտղոսակիր Սպանիա Յաղթեց Չեխիոյ. Փիքէ` Միակ Կոլի Հեղինակ. Իրլանտա-Շուէտ` 1-1, Իտալիա-Պելճիքա` 2-0

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016 Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 13 յունիսին կատարուեցան երեք մրցումներ: Սպանիոյ կոլին հեղինակը Դ. խմբակին մաս կազմող տիտղոսակիր Սպանիա արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չեխիան: Մրցումին միակ կոլը գլուխով նշանակեց Ժերար Փիքէ` մրցումին աւարտէն երեք վայրկեան առաջ պարտութեան մատնելով Չեխիոյ բերդապահ Փիթըր Չեխը: Նշենք սակայն, որ այդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Պասքեթպոլի Խումբին Մեծարանքի Հանդիսութիւնը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը այսօր` երեքշաբթի, 14 յունիսին, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, կը մեծարէ իր աղջկանց պասքեթպոլի խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի Ա. դասակարգի 2015-2016 տարեշրջանի Լիբանանի ախոյեան: Խումբին մեծարանքի այս հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

«Ա.Թէ.Սէ.Էլ.». Թամեր Ղանտուր Տիրացաւ Ժեզզինի 5-րդ Ռելիին

PROFOTO Կազմակերպութեամբ «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ին կիրակի, 12 յունիսին տեղի ունեցաւ Ժեզզինի 5-րդ ռելին` հովանաւորութեամբ «Օ.Էմ.Թի.»-ի: Այս ռելիին (248,43 քմ) իրենց մասնակցութիւնը բերող 27 ինքնաշարժներէն 21-ը յաջողեցան հասնիլ ժամանումի գիծ: Թամեր Ղանտուր տիրացաւ իր առաջին տիտղոսին, երբ իր օգնականին` Սալիմ Ժալիլաթիի հետ արձանագրեց 53'53''3 արդիւնք մը: Ան կը վարէր «Միթսուպիշի լենսըր Էվօ-10 ԱՐ-4» տիպի ինքնաշարժ մը: 2-րդ հանդիսացաւ Ռուտոլֆ Ասմար («Ֆորտ Ֆիեսթա Ար. 5»),...

Եուրօ-2016. Խրուաթ Սրնա Վերադարձաւ Հայրենիք

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Տարիժօ Սրնա Ֆրանսայէն վերադարձաւ հայրենիք` ստանալէ ետք իր հօր մահուան գոյժը: Ինչպէս ծանօթ է, Դ. խմբակի մաս կազմող Խրուաթիա յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թուրքիոյ: Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որ ցաւակցութիւն յայտնեց 34 տարեկան իր խմբապետին` անոր հօր մահուան առիթով, ոչինչ ըսաւ, թէ արդեօք ան պիտի մասնակցի՞ ուրբաթ օր...

Հայկական Ֆութպոլ. Շիրակ 22 Ֆութպոլիստներով Մեկնեցաւ Հանքաւան

3 յունիսէն սկսեալ Շիրակ սկսաւ նախապատրաստուիլ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն: Այդ մրցումներուն աւելի լաւ պատրաստուելու համար խումբը մեկնեցաւ Հանքաւան` մինչեւ 15 յունիս ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար: Վերջին օրը Շիրակ բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ալաշկերտի հետ: Հանքաւանէն վերադառնալով` խումբը իր փորձերը պիտի շարունակէ Գիւմրիի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, իսկ 22 յունիսին կը մեկնի Քորի...

«Քոփա Ամերիքա» . Պրազիլ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ արձանագրուեցաւ մեծ անակնկալ մը, երբ Պրազիլ դուրս մնաց մրցաշարքէն` 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Փերուի կազմէն: Մրցումը շուրջ 15 վայրկեան ընդհատուեցաւ Պրազիլի այն բողոքէն ետք, թէ 76-րդ վայրկեանին Ռաուլ Ռուիտիազի կողմէ նշանակուած կոլը... ձեռքով էր: Սակայն իրաւարարը մնաց իր որոշումին վրայ եւ կոլը չեղեալ չյայտարարեց: Փերուի հետ յաջորդ հանգրուան անցաւ Էքուատոր, որ...

«Քոփա Ամերիքա». Փարակուէյի Մարզիչ Տիազ Հրաժարեցաւ

Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ Փարակուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը նշեց, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը` Ռամոն Տիազ հրաժարեցաւ իր վարած պաշտօնէն` «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր կազմին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն եւ անկէ դուրս մնալուն պատճառով: Արժանթինցի Տիազ, որ դեկտեմբեր 2014-ին ստանձնեց իր պաշտօնը, իր ամէն կարելին պիտի ընէր իր կազմը հասցնելու 2015-ի Մոնտիալին: Խումբը ցարդ 6 մրցումէ ապահոված է 9...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի 4 մրցումները տեղի ունեցան երէկ, ՀԲԸՄ-Ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 39-25 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պըրժ Այնթուրան: Սակայն ՀՄԸՄ Պէյրութ կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ Անուարէն` 56-24 արդիւնքով: Անուար արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը: Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Ժամհուր եւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ,...

Եուրօ – 2016.  Մրցաշարքին Ամբողջական Յայտագիրը

Եուրօ-2016. Թուրքիա Իր Կատարած Առաջին Մրցումին Պարտուեցաւ. Գերմանիա – Ուքրանիա` 2-0

Գերմանիոյ նշանակած առաջին կոլը Լուքա Մոտրիչ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետաքրքրական արդիւնքներ: Դ. խմբակին մէջ, Խրուաթիա յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թուրքիոյ դէմ: Մրցումին 41-րդ վայրկեանին Լուքա Մոտրիչ սքանչելի վոլէյով մը նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը, այսպիսով մրցաշաքի առաջին երեք կէտը ապահովելով...

«UWW». Հայ Ըմբիշներուն Վարկանշային Աղիւսակը

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («UWW») հրապարակեց միջազգային նոր դասաւորումը: Յունահռոմէական ոճի 98 քկ դասակարգի Հայաստանի յառաջատար ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` ռուս Նիքիթա Մելնիքովի ետին: Եռեակը կ՛ամբողջացնէ Իրանի ներկայացուցիչը` Ղազեմ Ռեզա: 66 քկ դասակարգին մէջ եւրոպական խաղերու փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան 8-րդ է: Վարշամ Բորանեան (71 քկ) կը գրաւէ 5-րդ դիրքը, իսկ Արսէն Ջուլֆալակեան (75 քկ) 90-րդ դիրքը: 80 քկ...

«Քոփա- Ամերիքա».  Չորս Խումբեր Յաղթանակով  Սկսան Մրցաշարքը

«Քոփա Ամերիքա» . Փարակուէյ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն. Մեսսի` Հեթրիքի Հեղինակ

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Փարակուէյ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Միացեալ Նահանգներէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ գրաւեց Ա. խմբակին 4-րդ եւ վերջին դիրքը: Քլինթ Տեփսի նշանակեց մրցումին միակ կոլը (27-րդ): Թէեւ Քոլոմպիա 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Քոսթա Ռիքայէն, սակայն անցաւ յաջորդ հանգրուան` Միացեալ Նահանգներուն նման 6 կէտ ունենալուն շնորհիւ: Դ. խմբակին մաս կազմող Արժանթին արձանագրեց...

Եուրօ – 2016.  Մրցաշարքին Ամբողջական Յայտագիրը

Եուրօ-2016. Ռուսիա Եւ Անգլիա Կրնան Դուրս Դրուիլ Մրցաշարքէն

Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ «Եու. Է. Էֆ.Ա.»-ն երէկ սպառնաց Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային  խումբերը դուրս դնել Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, եթէ երկու երկիրներուն համակիրները շարունակեն խմբային ծեծկռտուքները եւ խուլիկանութիւնները` Ֆրանսայի քաղաքներուն մէջ: «Մենք չենք պատրաստուիր երկար որոշումներ տալու:  Նմանօրինակ դէպք մը կրկնուելու պարագային, երկու երկիրներն ալ դուրս պիտի դրուին մրցաշարքէն:  Բռնութիւնները ամէն գնով պէտք է պատժուին», նշուեցաւ  «Եու. Է. Էֆ.Ա.»-ի...

Ռիօ-2016.  «Էն. Պի. Էյ.»-ի Կարգ Մը Աստղեր Չեն Ուզեր Մեկնիլ Պրազիլ

Ռիօ-2016. «Էն. Պի. Էյ.»-ի Կարգ Մը Աստղեր Չեն Ուզեր Մեկնիլ Պրազիլ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող կարգ մը խումբերու մարզիկներ չեն ուզեր իրենց մասնակցութիւնը բերել Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն: Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա Սիթի) եւ Ճէյմս Հարտեն (Հիուսթըն Ռոքեթց) յայտարարեցին, որ չեն ուզեր մեկնիլ Պրազիլ: «Ի. Էս. Փի. Էն.» հաղորդեց, որ այդ կեցուածքը մարզիկները պաշտօնապէս յայտարարած են: Անոնցմէ բացի, Ռիօ-2016-ին չեն մասնակցիր նաեւ Սթեֆըն Քարի, Լա...

Page 1096 of 1276 1 … 1,095 1,096 1,097 … 1,276

Արխիւներ