
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի «Կրենտ Չես Թուր – 2016»-ի գերմրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողները:
Մրցաշարքը, որ սկսաւ երէկ, կ՛աւարտի 12 յունիսին, երբ տեղի կ՛ունենան արագ եւ կայծակնային ճատրակի խաղերը:
Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա, հոլանտացի Անիշ Կիրի, ռուս Վլատիմիր Քրամնիք, ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա, պուլկարացի Վեսելին Թոփալով, ֆրանսացի Մաքսիմ-Վաշիէ Լակրաւ, ամերիկացի Ուեսլի Սոն, ֆրանսացի Լորեն Ֆրեզինէ եւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:


