Մարզական

«Քոփա- Ամերիքա».  Չորս Խումբեր Յաղթանակով  Սկսան Մրցաշարքը

«Քոփա Ամերիքա». Քոլոմպիա Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտականին

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մէջ կատարուեցան երկու մրցումներ: Քոլոմպիա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` այս անգամ պարտութեան մատնելով Փարակուէյը 2-1 արդիւնքով եւ ապահովելով քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Խեմես Ռոտրիկեզ իր նշանակած կոլերէն ետք Քարլոս Պաքքա (12-րդ) եւ Խեմես Ռոտրիկեզ (30-րդ) նշանակեցին Քոլոմպիոյ կոլերը, իսկ Վիքթոր Այալա` Փարակուէյի կոլը (71-րդ): Նշենք, որ Փարակուէյ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով...

Եուրօ – 2016.  Մրցաշարքին Ամբողջական Յայտագիրը

Ե. Խմբակին Մաս Կազմող Խումբերուն Մարզիկները

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, «Ազդակ»-ի մարզական էջով տուինք Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակներուն մաս կազմող խումբերուն մարզիկներուն ամբողջական ցանկը, որ պաշտօնապէս հրապարակեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կայքը: Այսօրուան մեր էջով կու տանք Ե. խմբակին խումբերուն մարզիկներուն անունները. ՊԵԼՃԻՔԱ ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Թիպօ Քուրթուա (Չելսի), Սիմոն Մինիոլէ (Լիվըրփուլ) եւ Ժան-Ֆրանսուա Ժիլէ (Մեքըլէն): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Թոպի Ալտերուերըլտ, Եան...

Թոթթի 25-րդ Տարեշրջանն Ըլլալով Մաս Պիտի Կազմէ Ա. Էս. Ռոմայի

Ֆրանչեսքօ Թոթթի, որ այժմ թեւակոխած է 40 տարեկանը, նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին` Ա. Էս. Ռոմայի հետ: Թոթթի, որ 25-րդ տարեշրջանն ըլլալով ելոյթ պիտի ունենայ իր ակումբին հետ, յայտնեց, որ «Քալչիօ»-ի 2016-2017 տարեշրջանը իր արհեստավարժ ասպարէզին գծով պիտի ըլլայ վերջինը: Ան Ա. Էս. Ռոմային միացաւ 1989-ին, երբ 12 տարեկան էր: Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին առաջին պաշտօնական մրցումը կատարեց մարտ 1993-ին,...

Արա Խաչատուրեան. «Բարձրացայ Էվերեսթի Գագաթը` Աշխարհի Ամբողջ Հայութեան Համար»

Արա Խաչատուրեան. «Բարձրացայ Էվերեսթի Գագաթը` Աշխարհի Ամբողջ Հայութեան Համար»

26 մայիս 2016-ին լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Բարձրացայ եւ հասայ աշխարհի ամէնէն բարձր` Էվերեսթի գագաթը, որուն բարձրութիւնը 8848 մեթր է: Ատիկա կատարեցի աշխարհի ամբողջ հայութեան եւ ինծի համար, որովհետեւ մեր արդար դատը երբեք պիտի չմոռցուի, եւ պիտի շարունակենք յիշել 24 ապրիլ 1915-ը, մեր անմեղ` 1,5 միլիոն զոհերուն յիշատակը, որպէսզի աշխարհ տեսնէ, թէ մենք ինչպիսի՛ պայքարող ազգ...

Ճատրակ.  Կի Եւ Ճիօ Գալուստ Եղբայրները` Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Կի Եւ Ճիօ Գալուստ Եղբայրները` Տիտղոսակիր

Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու Միութեան ճատրակի յանձնախումբին, նախորդ շաբաթավերջին միութեան ակումբին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` ռամատանի առիթով: 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Կի Գալուստ առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին: Այս դասակարգին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արա Մանճիկեան: 10 եւ 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին երեքին մէջ չկային հայ մասնակցողներ: 16 տարեկանէն վար...

Արա Արսլանեան Տիտղոսակիր Գերմանիոյ Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին լիբանանահայ երիտասարդ Արա Արսլանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած «GNBF» Եւրոպայի «բնական» մարմնամարզութեան ախոյեանութեան միջազգային մրցաշարքին: Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն Արա Արսլանեան «GNBF»  երիտասարդներու «տարեկան» իր մղած պայքարին մէջ ապահովեց 75 քկ կշիռքի լաւագոյններու դիրքը եւ տիրացաւ Գերմանիոյ «GNBF» Եւրոպայի «բնական» մարմնամարզութեան ոսկի մետալին:

Մարմնամարզութիւն. Սեդա Թութխալեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Գիւմրեցի Սեդա Թութխալեան աղջկանց մարմնամարզութեան մրցումներուն Ռուսիոյ հաւաքականին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, Ռուսիա խմբային դասաւորման մէջ հանդիսացաւ առաջին` ապահովելով 175.212 կէտ: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Անգլիա (170.312) եւ Ֆրանսա (168.496): 16 տարեկան Սեդա Թութխալեան 2015-ին հանդիսացաւ պատանեկան ողիմպիականի ախոյեան: Աշխարհի սամպոյի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան եռակի ախոյեան...

Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Պետիկեան. «Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Միքան Չմասնակցի Հայաստանի Ախոյեանութեան»

Միքա Երեւան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չբերէ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան, այս մասին ArmSport.am-ին յայտնեց ակումբի գլխաւոր տնօրէն Արմէն Պետիկեան: «Դժբախտաբար, հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ Միքա չմասնակցի Հայաստանի ախոյեանութեան: Ակումբին մէջ կան տնտեսական խնդիրներ, զորս չենք կրնար լուծել: Բայց եւ այնպէս, յառաջիկայ օրերուն ամէն ինչ կը յստականայ եւ վերջնականապէս կը պարզուի մեր կատարելիք յայտարարութիւնը պաշտօնական ելոյթով...

«Քոփա- Ամերիքա».  Չորս Խումբեր Յաղթանակով  Սկսան Մրցաշարքը

«Քոփա Ամերիքա». Արժանթին Եւ Փանամա` Յաղթական

Արժանթին - Չիլի մրցումէն «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Դ. խմբակին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Այսպիսով, մրցաշարքին մասնակցող 16 խումբերն ալ կատարած եղան մէկական մրցում: Արժանթին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Չիլիի` աւելի քան 69 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Անխել Տի Մարիա (51-րդ) եւ Էվեր Պանեկա (59-րդ) նշանակեցին Արժանթինի կոլերը, մինչ Չիլիի ուշացած կոլը (90-րդ)` Խոսէ Ֆուենզալիտա: Նշենք, որ Լիոնել...

Եուրօ – 2016.  Մրցաշարքին Ամբողջական Յայտագիրը

Եուրօ-2016. Դ. Խմբակին Խումբերուն Մարզիկները

Եուրօ- 2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ազդանշանին որոշուելէն քանի մը օր առաջ, այսօր կ՛անդրադառնանք Դ. խմբակին մաս կազմող խումբերուն մարզիկներուն` Ա., Բ. եւ Գ. խմբակներուն կազմերը հրապարակելէ ետք: Ստորեւ` Դ. խմբակին մաս կազմող խումբերուն մարզիկները. ԽՐՈՒԱԹԻԱ ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Տանիել Սուպասիչ (Մոնաքօ),  Լովրը Քալինիչ (Հայդուկ Սփլիթ) եւ Իվան Վարկիչ (Ռիժեքա): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Վետրան Քորլուքա (Լոքոմոթիւ Մոսկուա), Տարիժօ Սրնա (Շախտիոր Տոնեցք), Տոմակոժ Վիտա (Տինամօ Քիեւ),...

Ռիօ-2016. Ժիւտոյի Միջազգային Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Խաղերուն Մասնակցող Մարզիկներուն Պաշտօնական Ցանկը

5-21 օգոստոսին Պրազիլի մէջ տեղի պիտի ունենան Ռիօ տը Ժանէյրօ -2016-ի 31-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերը: Ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց այս մարզաձեւին մասնակցող մարզիկներուն պաշտօնական ցանկը: Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի յառաջատար Յովհաննէս Դաւթեան (60 քմ) հրապարակուած պաշտօնական դասաւորման մէջ կը գրաւէ 10-րդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:

Ճատրակ. Եւրոպայի Վեթերաններու 16-րդ Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

Նախորդ շաբաթավերջին Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ ազդանշանը տրուեցաւ Եւրոպայի ճատրակի վեթերաններու 16-րդ ախոյեանութեան` բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահի առաջին տեղակալ Սմբատ Լպուտեան եւ այլ անձնաւորութիւններ: Առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան, որ կը տեւէ մինչեւ...

Կռփամարտ. Կարօ Մուրատ Յաղթեց Պոլիվիացի Իր Մրցակիցին

Գերմանիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Կարօ Մուրատ (Կարէն Մուրատեան) համոզիչ յաղթանակ մը արձանագրեց պոլիվիացի իր մրցակիցին` Էսթեպան Թապապարիի դէմ, յայտնեց «Պոքսինկ Սին» կայքը: Միջին կարգի կռփամարտիկներուն այս մենամարտը տեղի ունեցաւ գերմանական Քասել քաղաքին մէջ: Արդէն իսկ առաջին ռաունտին Կարօ Մուրատ նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցը: Իր կատարած 33 մենամարտերուն ընթացքին, այսպիսով Մուրատ արձանագրեց իր 29-րդ յաղթանակը (18-ը` նաք-աութով): Մնացեալ 4 մենամարտերուն ան...

«Քոփա- Ամերիքա».  Չորս Խումբեր Յաղթանակով  Սկսան Մրցաշարքը

«Քոփա- Ամերիքա». Չորս Խումբեր Յաղթանակով Սկսան Մրցաշարքը

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող Քոփա-Ամերիքա 2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին,  չորս խումբեր արձանագրեցին մրցաշարքի իրենց առաջին յաղթանակը, մինչ երկու մրցում վերջ գտաւ ճերմակ հաւասարութեամբ: Միացեալ Նահանգներ Քոլոմպիայէն 2-0 արդիւնքով պարտութեամբ սկսան մրցաշարքը: Աւելի քան 67 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Քրիսթիան Զափաթա (8-րդ) եւ Խեմես Ռոտրիկեզ (42-րդ` փենալթիով), նշանակեցին Քոլոմպիոյ կոլերը: Իր կարգին, Մեքսիքա յաղթանակ արձանագրեց` 3-1...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Քաւալիրզը

Տրէյմընտ Կրին «էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով, այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Ուորիըրզ, որ առաջին մրցումին 104-89 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երկրորդին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց` 110-77 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տրէյմընտ Կրին երկրորդ մրցումին նշանակեց 28 կԷտ: Լեպրըն...

Եուրօ-2016. Ռոյ Հոճսըն` Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիչը

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն մէջ ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիչն է: Ան տարեկան կը ստանայ 5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Իտալիոյ մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ (4,1 միլիոն եւրօ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ Թուրքիոյ մարզիչը` Ֆաթիհ Թերիմ (3,5 միլիոն եւրօ): Ամէնէն քիչ աշխատավարձը կը ստանայ Ռումանիոյ մարզիչը` Անժել Եուրտանեսքու (120...

Եուրօ – 2016.  Մրցաշարքին Ամբողջական Յայտագիրը

Եուրօ – 2016. Գ. Խմբակին Մաս Կազմող Խումբերուն Մարզիկները

Վերջին երկու օրերուն «Ազդակ»-ի մարզական էջով տուինք ցանկը Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող ութ խումբերուն, որոնք մաս կը կազմեն Ա. եւ Բ. խմբակներուն: Այսօրուան մեր էջով կու տանք Գ. խմբակին մաս կազմող խումբերուն մարզիկները: Նշենք, որ մրցաշարքին բացման մրցումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 10 յունիսին, Ֆրանսայի եւ Ռումանիոյ միջեւ: Ստորեւ` Գ. խմբակին մաս կազմող խումբերուն մարզիկները. ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Մանուէլ...

Թենիս.  Տղոց Եւ Աղջկանց Միջազգային Նոր Դասաւորումը

Թենիս. Տղոց Եւ Աղջկանց Միջազգային Նոր Դասաւորումը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց միջազգային նոր դասաւորումը` հիմնուելով նախորդ շաբաթավերջին մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքներուն վրայ, մեկնելով «Ռոլան Կարոս»-ի մրցաշարքին անոնց ձեռք ձգած յաջողութիւններէն: Ստորեւ` նոր դասաւորումը (փակագիծերուն մէջ նշուած են մարզիկներուն գրաւած նախկին դիրքերը). ՏՂԱՔ ԿԷՏ 1.- (1) Նովաք Ճոքովիչ (Սերպիա) 16.950 2.- (2) Էնտի Միւրէյ (Անգլիա) 8915 3.- (3) Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա) 6655 4.- (5) Ռաֆայէլ...

Խաշմանեան Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ալաշկերտի Հետ

Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի պայմանագրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 1 օգոստոս 2017: Երեւանեան ակումբը «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցաշարքին իր նախապատրաստութիւնները կը սկսի 5 յունիսէն: Այդ փորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ 14 յունիս: 15-23 յունիսին խումբը Հանքաւանի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ եւ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում, յայտնեց ArmSport.am:

Տենի Ալվես Հեռացաւ Պարսելոնայէն

Պարսելոնայի թեքնիք տնօրէն Ռոպերթօ Ֆեռնանտես պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես կը հեռանայ խումբէն: «Ան որոշեց հեռանալ Պարսելոնայէն: Մենք ոչինչ կրնանք ընել, բացի իր անձնական կարծիքը յարգելէ: Նէյմար երկար տարիներ պիտի շարունակէ հանդէս գալ մեզի հետ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Մասքերանոյին, չենք կարծեր, որ ան ուզէ միանալ այլ կազմի մը», ըսաւ Ֆեռնանտես: Ըստ շրջան ընող...

Page 1098 of 1276 1 … 1,097 1,098 1,099 … 1,276

Արխիւներ