Սարգիսով Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Ամքար
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով շատ հաւանաբար տեղափոխուի Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող Ամքար խումբ, կը յայտնէ «Սփորթպոք»: Կը հաղորդուի, որ հայրենի ֆութպոլիստով վերջերս շատ մօտէն հետաքրքրուած էր նաեւ Քուպան Քրասնոտար: Յայտնենք, որ Արթուր Սարգիսով նախապէս հանդէս կու գար Նիժնի Նովկորոտի Վոլքայի հետ, որ վերջերս լուծուեցաւ:








