
Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել չորեքշաբթի, 22 յունիսին Իրլանտայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, յայտնեց «ֆութպոլ Իթալիա»-ն երէկ` իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:
Փորձառու բերդապահը երէկ իր կազմին կատարած փորձերուն չմասնակցեցաւ` ջերմութիւն ունենալուն պատճառով:
Ըստ իտալացի լրագրող Թանքրետի Փալմիերիի, Իտալիոյ մարզիչը` Անթոնիօ Քոնթէ, ստիպուած պիտի ըլլայ դաշտ ներկայացուցած իր հիմնական կազմին մէջ շուրջ 9 փոփոխութիւն կատարելու:
Նշենք, որ Իտալիա ցարդ իր կատարած երկու մրցումներն ալ աւարտած է յաղթանակով, մինչ Իրլանտա ունի միայն մէկ կէտ:


