
Կիրակի օր աւարտեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի եօթներորդ եւ վերջին մրցումը` Քլիվլենտ Քաւալիրզի եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի միջեւ:
93-89 յաղթանակ մը արձանագրելով` Քաւալիրզ հանդիսացաւ 2015-2016 տարեշրջանի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան:
Ասիկա մեծ իրագործում մը եղաւ Քաւալիրզի համար` նկատի ունենալով, որ անիկա հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ 3-1 արդիւնքով ուշացումը վերածեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակի մը:
Ատկէ բացի, անոր համար այս տիտղոսը եղաւ առաջինը անոր պատմութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա ցարդ չէր յաջողած բարձրացնել ախոյեանութեան տիտղոսը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ամէնէն արժէքաւոր խաղացողի տիտղոսին (“MVP”), անոր տիրացաւ Լեպրըն Ճէյմս:
Վերջին մրցումին Ճէյմս, որ դաշտ ներկայացաւ 47 վայրկեան, նշանակեց 27 կէտ, 11 ռիպաունտ, 11 էսիսթ, 2 սթիլ եւ 5 թըրնօվըր:


