Նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի մրցումները:
Մէյրուպա, իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելէ ետք եւ 76-47 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սանթրալի, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Աւարտականին անիկա իր դէմ պիտի ունենայ Ահիա Ռիատա – Ամալ Պիքֆայա մրցումին յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ Ահիա Ռիատա 85-78 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով արդիւնքը հաւասարեցուց 1-1-ի:
Անոնց միջեւ երրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք):


