Մարզական

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Շահէ Երեւանեանի

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Շահէ Երեւանեանի

Յատուկ այցելութեան մը ընթացքին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղին մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբի գլխաւոր հովանաւոր «Սայֆքօ» ընկերութեան ընդհանուր նախագահ Շահէ Երեւանեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան ատենապետ Դրօ Մանտալեան, անդամներ Րաֆֆի Գասապեան, Ճորճ Սապունճեան, Վարդան Վարդանեան, աղջկանց պասքեթպոլի խումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան, յանձնախումբի անդամ Յակոբ Ճէրէնեան, մարզիչ Փաթրիք Սապա, ինչպէս նաեւ աղջկանց խումբին մարզիկները: Իր գրասենեակին...

Կռփամարտ. Արթուր Շախպազեան Եւ Ռաֆայէլ Յակոբեան Նուազագոյնը Ապահովեցին Պրոնզ Մետալներ

Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցող մեծ տարիքի պատանիներու Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող Արթուր Շախպազեան (46 քկ) եւ Ռաֆայէլ Յակոբեան (48 քկ) նուազագոյնը ապահովեցին պրոնզ մետալներ, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Շախպազեան յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին, մինչ Յակոբեան` գերմանացի իր մրցակիցին: Քառորդ աւարտական հասած Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները պարտութիւն կրեցին:

«Քոփա Ամերիքա». Չիլի – Արժանթին Աւարտական

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Չիլին եւ Քոլոմպիան, աւարտեցաւ Չիլիի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Այսպիսով, Չիլի, որ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, կը մրցի Արժանթինի դէմ: Չիլիի կոլերը նշանակեցին Չարլզ Արանկուիզ (7-րդ) եւ Խոսէ Ֆուենզալիտա (11-րդ): Քոլոմպիա մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 57-րդ վայրկեանին Քարլոս Սանչեզ կարմիր քարտ մը ստացաւ: Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Ժոել Ակուիլար...

Փորթուգալեան Թերթը Ռոնալտոյէն Կը Պահանջէ Ներում Հայցել

«Քորրէօ տա Մանհա» թերթը, Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն կը պահանջէ ներում հայցել իր թղթակիցին վիրաւորած ըլլալու համար, կը հաղորդէ «ԱՍ»: Թերթը նման պահանջ ներկայացուցած է նաեւ Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին վիրաւորանքի այս հարցը հետապնդելու համար: Բազմաթիւ միջազգային պատկերասփիւռի կայաններ ցոյց տուին Ռոնալտոյի արարքը: Ան վերոնշեալ թերթին թղթակիցին ձեռքէն խլելով բարձրախօսը, զայն ուղղակիօրէն նետած էր լիճին մէջ:  

Չելսի 50 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Մորաթայի Համար

«Տը Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը շատ մօտէն հետաքրքրուած է Սպանիոյ ազգային խումբի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթայով եւ անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար անոր ակումբին` Ռէալ Մատրիտին կ՛առաջարկէ 50 միլիոն եւրօ: Մայրաքաղաքի կազմին հետ, անոր ապագան այդքան ալ յստակ չէ, որովհետեւ տարբեր լուրեր շրջան կ՛ընեն անոր մասին: Միջազգային մամուլին համաձայն, արքայական ակումբը շուտով պիտի սկսի անոր այլ կազմի...

Ռոնալտօ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ, կը տեղեկացնէ «Մարքա»: Աղբիւրին համաձայն, 31 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020: Նախորդը կ՛աւարտէր 2018-ին: Պայմանագրութիւնը արդէն իսկ կնքուած է, իսկ պաշտօնապէս այդ մասին պիտի յայտարարուի Եուրօ-2016-ի մրցաշարքէն անմիջապէս ետք: Ինչ կը վերաբերի անոր աշխատավարձին, անիկա պիտի մնայ նոյնը` տարեկան 21 միլիոն եւրօ: Ըստ...

Եուրօ-2016.  Փորթուգալ – Իսլանտա` 1-1 Եւ  Աւստրիա – Հունգարիա` 0-2. Ռուսիա Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Եուրօ-2016. Իտալիա Պարտուեցաւ Իրլանտայէն

- Թուրքիա Հրաժեշտ Տուաւ Մրցաշարքին - 1-16-րդ Հանգրուանին Յայտագիրը Յստակացաւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան 1-16-րդ հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը եւ մրցաշարքէն դուրս մնացած կազմերը: Սկսելով Զ. խմբակին մրցումներէն, կոլերով հարուստ ճակատումէ ետք աւարտեցաւ Հունգարիա - Փորթուգալ մրցումը (3-3), մինչ միւս մրցումին Իսլանտա յաղթեց Աւստրիոյ...

Եուրօ-2016-էն Ետք. Իպրահիմովիչ Պիտի Լքէ Միջազգային Ասպարէզը

Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ յայտարարեց, որ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն ետք պիտի լքէ իր միջազգային ասպարէզը: 34 տարեկան Իպրահիմովիչ Շուէտի հետ առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ 2001-ի սկիզբը: Ան ընդհանուր առմամբ ազգային խումբին հետ կատարեց 115 մրցում` նշանակելով 62 կոլ:    

«Քոփա Ամերիքա». Արժանթին Հասաւ Աւարտականին` 4-0 Արդիւնքով Ջախջախելէ Ետք Միացեալ Նահանգները

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ կիսաւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Արժանթին եւ մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Միացեալ Նահանգներ: Շուրջ 71 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Արժանթին 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Միացեալ Նահանգները: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Էզեքուիել Լաւեցցի (3-րդ), Լիոնել Մեսսի (32-րդ) եւ Կոնզալօ Հիկուային (50-րդ եւ 86-րդ): Թէեւ Մեսսի նշանակեց մէկ կոլ, սակայն կատարեց նշանակուած առաջին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աւարտական Մրցումը` Մէյրուպայի Եւ Ահիա Ռիատայի Միջեւ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Մէյրուպայի եւ Ահիա Ռիատիի միջեւ: Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ: Իսկ պարտուողը փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին աւարտին, 9-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւած Շանվիլի հետ, որուն յաղթանակը պիտի ապահովէ Ա. դասակարգի իր տոմսը: Նշենք,...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 9 սեպտեմբեր 2016-ին պիտի սկսին Լիբանանի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումները: Լիբանանի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 27 օգոստոսին, մինչ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի 4 նոյեմբեր 2016-ին: 31 օգոստոսին եւ 15 նոյեմբերին Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Յորդանանի դէմ, առաջինը`...

Ըմբշամարտ. Գէորգ Խումարեան Պրոնզէ Մետալ Մը Ապահովեց Հայաստանին

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ սկսաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը: Ախոյեանութեան առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան 50, 66, 74 եւ 96 քկ դասակարգի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի հաւաքականի անդամ Գէորգ Խումարեան (60 քկ), որ իր պայքարին սկսաւ 1-8-րդ հանգրուանէն, պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին ընթացքին 10-8 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Ալեքսանտր Խրուշինի:...

Լեւոն Հայրապետեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Իրանի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Փիւնիկ Երեւանի ձախ յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան, տեղափոխուեցաւ իրանեան Փէյքան ֆութպոլի ակումբ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 27 տարեկան Հայրապետեան, որ այսպիսով ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Իրանի մէջ, նախնական մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ: Նախորդ տարեշրջանի աւարտին, Փէյքան հանդիսանալով Իրանի Ա. դասակարգի ախոյեան, իրաւունք ստացաւ ելոյթ ունենալու բարձրագոյն դասակարգին մէջ: Նշենք,...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Եւ Իրանի Հաւաքականները Բարեկամական Մրցումներ Պիտի Կատարեն

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի ազգային եւ երիտասարդական հաւաքականները այս շաբաթավերջին իրարու հետ պիտի կատարեն բարեկամական չորս մրցումներ` Միքա մարզահամալիրին մէջ: ArmSport.am մարզական կայքը կը յայտնէ, որ արդէն իսկ Երեւան հասած են Իրանի զոյգ հաւաքականները: Հայաստանի հաւաքականներուն համար այդ չորս հանդիպումները պիտի ըլլան լաւագոյն պատրաստութիւնը` Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն համար:  

Եուրօ-2016.  Ուքրանիա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` Կրելով 3 Պարտութիւն. Խրուաթիա Յաղթեց Սպանիոյ, Մինչ Չեխիա Դուրս Մնաց

Եուրօ-2016. Ուքրանիա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` Կրելով 3 Պարտութիւն. Խրուաթիա Յաղթեց Սպանիոյ, Մինչ Չեխիա Դուրս Մնաց

Գերմանիոյ յաղթական մարզիկները Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ աւարտեցան նաեւ Գ. եւ Դ. խմբակներուն մրցումները: Ուքրանիա հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին, երբ կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Լեհաստանէն, 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Եաքուպ Պլասզիքովսքի` 54-րդ վայրկեանին: Մրցումին ներկայ էին 60 հազար հանդիսատեսներ, մինչ օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Սվէյն Օտվար Մոյեն (Նորվեկիա): Լեհաստան...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  11-23 Յուլիսին` Թենիսի Տարեկան Տարիքային Մրցաշարքը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 11-23 Յուլիսին` Թենիսի Տարեկան Տարիքային Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 11-23 յուլիսին կազմակերպիչ ակումբին` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ թենիսի տարեկան տարիքային մրցաշարքը: Տեղի պիտի ունենան 10, 12, 14, 18, մեծերու, 45 եւ 55 տարեկանէն վեր դասակարգերու մրցումները: Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ ինը հազար ամերիկեան տոլար: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 7...

Եուրօ-2016.  Խրուաթիա 100 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Եուրօ-2016. Խրուաթիա 100 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

«Լ՛Էքիփ.ֆր» մարզական կայքը կը հաղորդէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն 100 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին գտնուեցան անկարգապահ: Անոր համակիրներուն կողմէ դէպի դաշտ նետուած պայթուցիկները` Չեխիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2-2), պատճառ դարձան, որ այդ հանդիպումը կարճ ժամանակամիջոցի մը համար ընդմիջուի: Բացի ատկէ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն որոշեց...

«Եուրոփա Լիկ». Փիւնիկ Երթի Իր Մրցումը Կը Կատարէ Իր Դաշտէն Դուրս

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ յայտնեց, որ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փիւնիկ իր մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս` հիւրը ըլլալով Ճիպրալթարի ներկայացուցիչին` Եուրոփայի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 30 յունիսին` Ճիպրալթարի մէջ գտնուող Վիքթորիա մարզադաշտին վրայ: Փիւնիկի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 յուլիսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Վազգէն...

Վարուժան Սուքիասեան Պիտի Հեռանայ Արարատէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան յառաջիկայ օրերուն պիտի լքէ իր ակումբը` Արարատը, այս մասին հաղորդեց ArmSport.am: Սուքիասեան նշեց, որ յառաջիկային մտադիր չէ որեւէ խումբ գլխաւորել, որպէսզի միայն կեդրոնանայ հաւաքականի աշխատանքներուն վրայ: Այլ գետնի վրայ, Սուքիասեան անդրադառնալով Եուրա Մովսիսեանին ըսաւ, որ անոր հարցը ցարդ փակուած չէ եւ յառաջիկային անոր գծով յայտարարութիւն մը ունի կատարելիք:

Թիթէ Պաշտօնապէս Նշանակուեցաւ Պրազիլի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքին միջոցով յայտարարեց երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչին` Թիթէի նշանակումին մասին: 55 տարեկան մասնագէտը, որ նախապէս եղած էր Քորինթիանսի եւ Ինթերնասիոլի մարզիչ, այսպիսով փոխարինեց Տունկային, որ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ձախող արդիւնք արձանագրելէ եւ Ա. հանգրուանէն իսկ դուրս մնալէ ետք պաշտօնանկ եղաւ: Նշենք, որ Թիթէի հետ Քորինթիանս 6 անգամ հանդիսացաւ Պրազիլի ախոյեան: Պրազիլի մարզիչի...

Page 1093 of 1276 1 … 1,092 1,093 1,094 … 1,276

Արխիւներ