
Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին ֆութպոլիստ Ռայըն Կիկզ շատ հաւանաբար նշանակուի Նոթինկհամ Ֆորեսթի մարզիչ:
Անգլիական մամուլը կը հաղորդէ, որ Կիկզ որոշեց չմնալ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ` նկատի ունենալով, որ «Օլտ Թրեֆորտ» հասաւ Ժոզէ Մուրինիօ:
Կը խօսուի նաեւ, որ Ա. դասակարգին մաս կազմող Ֆորեսթ այլ թեկնածու մըն ալ նկատի առած է գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին համար, սակայն անոր անունը չի նշուիր:
Նշենք, որ նախորդ մարտին Ֆորեսթ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Տուկի Ֆրիտմանը:


