Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով շատ հաւանաբար տեղափոխուի Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող Ամքար խումբ, կը յայտնէ «Սփորթպոք»:
Կը հաղորդուի, որ հայրենի ֆութպոլիստով վերջերս շատ մօտէն հետաքրքրուած էր նաեւ Քուպան Քրասնոտար:
Յայտնենք, որ Արթուր Սարգիսով նախապէս հանդէս կու գար Նիժնի Նովկորոտի Վոլքայի հետ, որ վերջերս լուծուեցաւ: