Պելճիքայի մէջ աւարտեցաւ «Կրանտ-չես-թուր» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին Բ. հանգրուանը:
Արագ եւ կայծակնային ճատրակի ախոյեան հանդիսացաւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ուեսլի Սոն, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան:
Մրցաշարքին ընթացքին հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 36 կէտէն ապահովեց 20 կէտ: