Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Լորան Պլանի գործակատար Ժան – Փիեռ Պեռնես յայտարարեց, որ իր յաճախորդը մինչեւ շաբաթավերջ իր պայմանագրութիւնը պիտի խզէ փարիզեան ակումբին հետ, տեղեկացուց «Իւրոփ-1»-ը:
Նշենք, որ նախապէս կը խօսուէր, որ մայրաքաղաքի կազմին մարզիչը հաւանաբար ըլլայ Սեւիլլայի մարզիչ Ունայ Էմերի:
Պլան Սեն Ժերմենի հետ է 2013-էն ի վեր:
Անոր հետ խումբը երեք անգամ հանդիսացաւ Ֆրանսայի ախոյեան, երկու անգամ` բաժակակիր, մէկ անգամ` լիկայի տիղոսակիր, իսկ մէկ անգամ ալ` գերբաժակակիր: