
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 31 օգոստոսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Չեխիոյ դէմ` վերջինին դաշտին վրայ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան ըսաւ, որ այս մրցումէն անմիջապէս ետք հաւաքականը պիտի մեկնի Դանիա, ուր մրցում մը ունի կատարելիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով:
Սուքիասեան յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցէ յառաջիկային:


