
Երէկ Հուփսի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մաթիրա (Իտալիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ակումբներու մինի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի մը, որ տեղի կ՛ունենայ յաջորդաբար 8-րդ տարին ըլլալով:
2005-2006-ի ծնունդ դասակարգերու մրցումներուն կը մասնակցին 62 խումբեր` հետեւեալ 11 երկիրներէն. Իտալիա, Քոլոմպիա, Մոնթենեկրօ, Միացեալ Նահանգներ, Լեհաստան, Սերպիա, Նիկերիա, Էսթոնիա, Ալպանիա, Յորդանան եւ Լիբանան:
Հուփս կը մասնակցի իր երկու մասնաճիւղերուն խումբերով:
Նշենք, որ նախորդ տարի Հուփս 2004-ի ծնունդ խումբը հանդիսացաւ երկրորդ:


