Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ-2016. Սպանիա 3-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Թուրքիան

June 18, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր` Փորթուգալ-Աւստրիա.
Վաղը` Զուիցերիա-Ֆրանսա

Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:

Իտալիոյ կոլին հեղինակը` Էտեր
Իտալիոյ կոլին հեղինակը` Էտեր

Առաջին ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ Ե. խմբակին մէջ, Իտալիա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շուէտի դէմ, աւելի քան 29 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Իտալիա իր այս երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելու համար սպասեց մինչեւ մրցումին 88-րդ վայրկեանը, երբ Էտեր նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:

Մրցումին 95-րդ վայրկեանին, օրուան կեդրոնի հունգարացի իրաւարարը` Վիքթոր Քասայ, սուլեց մրցումին աւարտը:

Երէկուան մնացեալ երկու ճակատումները տեղի ունեցան Դ. խմբակին մէջ:

Չեխիա-Խրուաթիա մրցումին, Իվան Փերեսիչի (37-րդ) եւ Իվան Ռաքիթիչի (59-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ Խրուաթիա 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ:

2-0 արդիւնքով Խրուաթիոյ յառաջացումը տեւեց մինչեւ 76-րդ վայրկեանը: Երբ Միլան Սքոտա նշանակեց կոլ մը` ի նպաստ Չեխիոյ:

94-րդ վայրկեանին, օրուան անգլիացի իրաւարարը` Մարք Քալթենպըրկ, փենալթի մը շնորհեց Չեխիոյ, երբ Տոմակոժ Վիտա մեծ քառակուսիին մէջ գնդակին դպաւ իր ձեռքով: Այդ փենալթին կոլի վերածեց Թոմաս Նեւիտ:

Այսպիսով, Խրուաթիա իր ձեռքէն փախցուց կարեւոր յաղթանակ մը:

Մրցումին ներկայ էր աւելի քան 38 հազար հանդիսատես:

Սպանիոյ յաղթական մարզիկները
Սպանիոյ յաղթական մարզիկները

Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ Նիսի մէջ, Սպանիա ճակատեցաւ Թուրքիոյ դէմ:

30 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Սպանիա 3-0 արդիւնքով ջախջախեց Թուրքիան:

Այսպիսով, ցարդ տեղի ունեցած 21 մրցումներուն ընթացքին Թուրքիա եղաւ ամէնէն ծանր պարտութիւնը կրող խումբը:

Սպանացիներուն կոլերը նշանակեցին Ալվարօ Մորաթա (34-րդ եւ 48-րդ) եւ Նոլիթօ (37-րդ):

Նշենք, որ Թուրքիա, որ այսպիսով կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, ցարդ չէ յաջողած կոլ նշանակել:

Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Միլորատ Մազիչ (Սերպիա):

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Աղջկանց Բ. Դասակարգի 4-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.