Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Աղջկանց Բ. Դասակարգի 4-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 19 յունիսին: Ինչպէս ծանօթ է, բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի կ՛ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ: Ստորեւ` յայտագիրը.   ժԱՄ Անուար-Ժամհուր 12:00 Պըրժ Այնթուրա-Հուփս Մեթն 13:30 Պիլիվըրզ-ՀՄԸՄ Պէյրութ 15:00 ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Անդրանիկ Սին Էլ ֆիլ 16:30

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ամալ Պիքֆայա 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Ահիա Ռիատան

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի ճակատումներուն շրջագիծին մէջ, Ամալ Պիքֆայա 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Ահիա Ռիատան, երբ Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք) 74-53 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր երեկոյեան ժամը 20:00-ին: Անոնցմէ յաղթական դուրս եկող կազմը աւարտականին պիտի ճակատի Մէյրուպա-Սանթրալ մրցումին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. 2016-2017 Տարեշրջան. ՀՄԸՄ-ի Առաջին Մրցակիցը` Ահլի Սայտա

Իր գումարած վերջին նիստերուն ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց վիճակաձգութիւնը` Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին գծով: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը նոր տարերջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Ահլի Սայտայի դէմ: Մրցումներուն թուականները, վայրերը եւ ժամերը յառաջիկային պիտի յայտարարուին ֆետերասիոնին կողմէ` անոր գումարելիք յաջորդ ժողովէն ետք. Ստորեւ` յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ Իժթիմահի-Շապապ Սահել Անսար-Սալամ Զղարթա Սաֆա-Ահտ Նեպի Շիթ-Թատամոն...

«Քոփա Ամերիքա». Միացեալ Նահանգներ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Միացեալ Նահանգներ - Էքուատոր մրցումէն «Քոփա Ամերիքա 2016»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը հիւրընկալող Միացեալ Նահանգներ երէկ ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսը, Սիեթըլի մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էքուատորի: Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներ 1995-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով հասաւ կիսաւարտականին: Երկու կազմերն ալ մրցումը աւարտեցին տասը մարզիկով: 52-րդ վայրկեանին կարմիր քարտերու արժանացան` Ժերմեն Ճոնզ (Միացեալ Նահանգներ) եւ Անթոնիօ Վալենսիա (Էքուատոր): Միացեալ Նահանգներու կոլերը նշանակեցին Քլինթ...

Ռիօ- 2016. Հայաստանի Ողիմպիականի Տոմսերուն Թիւը Մէկով Մը Աւելցաւ

Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկներուն թիւը մէկով մը աւելցաւ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի 29-րդ մասնակցողն է Հայաստանի հրացանաձգութեան հաւաքականի անդամ Հրաչ Բաբայեան, որ խաղերուն կը մասնակցի յատուկ հրաւէրով (Ճերմակ քարտ): 20 տարեկան Բաբայեան Պաքուի մէջ տեղի ունեցած եւրոպական առաջին խաղերուն հաստատեց Եւրոպայի երիտասարդական մրցանիշ: Իսկ Նանճինկի պատանեկան երկրորդ ողիմպիական խաղերուն...

Պասքեթպոլ .  Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Մրցաշարքին Թուականը Փոխուեցաւ

Պասքեթպոլ . Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Մրցաշարքին Թուականը Փոխուեցաւ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքը կազմակերպող յանձնախումբը յայտարարեց, որ տեղի ունենալիք այս 26-րդ աւանդական մրցաշարքին թուականը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախապէս հրապարակուած թուականներուն (13-20 հոկտեմբեր) տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութիւնը: Նոր թուականին հիմամբ անիկա տեղի պիտի ունենայ 24-31 հոկտեմբերին:

«Էն. Պի. Էյ.». Քաւալիրզ Պարտադրեց Եօթներորդ Մրցումը

«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան եօթներորդ ճակատումին միայն պիտի յստականայ 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանին անունը` նկատի ունենալով, որ Քլիվլենտ Քաւալիրզ 115-101 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հաւասարեցուց արդիւնքը (3-3) եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին պարտադրեց եօթներորդ եւ ճակատագրական վերջին մրցումը: Քաւալիրզի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր եւ մեծ դերը ունեցաւ Լեպրըն Ճէյմս,  որ նշանակեց 41 կէտ, 8 ռիպաունտ, 11 էսիսթ, 4 սթիլզ...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Կիրակի, 12 յունիս 2016-ին, Պուտտա ակումբին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ախոյեանութեան Քինտա մարզախաղի 6-11 տարեկան դասակարգի մրցումները, որոնց մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի քոնկ ֆու-ուու շուի դպրոցի մարզիկները` մարզիչ Սթիւ Ապաճեանի գլխաւորութեամբ: Առաջին հանդիսացաւ Լոռի Պզտիկեան, երկրորդ` Սարհատ Քիւչիւկեան, իսկ երրորդ` Յակոբ Թերզեան: Նախապէս` 5 յունիս 2016-ին, Քֆարզեպեանի մէջ տեղի ունեցան նոյն մարզախաղի Լիբանանի 11-17 տարեկան դասակարգի ախոյեանութեան...

Եուրօ – 2016.  Անգլիա Եւ Հիւսիսային Իրլանտա` Յաղթական. Գերմանիա-Լեհաստան` 0-0

Եուրօ – 2016. Անգլիա Եւ Հիւսիսային Իրլանտա` Յաղթական. Գերմանիա-Լեհաստան` 0-0

Անգլիա - Կալես մրցումէն Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Առաջին ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Անգլիան եւ Կալեսը (Բ. խմբակ), աւարտեցաւ Անգլիոյ յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Այսպիսով Անգլիա արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը: Թէեւ Կերըթ Պէյլի նշանակած կոլին շնորհիւ (42-րդ) Կալես Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ, սակայն Անգլիա Բ. կիսախաղին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մէյրուպա 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Սանթրալը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, Մէյրուպա - Սանթրալ առաջին ճակատումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 79-60 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Մէյրուպա 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Սանթրալը: Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Սանթրալի դաշտին վրայ: Այս առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք)` ներկայութեամբ Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարի,...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Սկսաւ Պատրաստուիլ

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար պասքեթպոլի երիտասարդական հաւաքականը կը նախապատրաստուի յուլիսին Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: Պելճիքայի մարզիչ Թիպօ Փեթի 12 մարզիկ հրաւիրեց ազգային հաւաքական` պատրաստուելու համար այս հաւաքին: Հաւաքականին մաս կը կազմեն` Ռիչըրտ Էլմոյեան (Միացեալ Նահանգներու մէջ ելոյթ ունեցող), Գաբրիէլ Աճէմեան, Կարէն Չիւիչեան, Մաթիու Մատոյեան, Գրիգոր Գուրտողլեան, Արամ Արսլանեան, Ռուսիոյ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Մխիթարեանին Կ՛առաջարկէ Տարեկան 10 Միլիոն Եւրօ

Գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթին համաձայն, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը կը շարունակէ ջանք չխնայել` ձեռք ձգելու համար Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Մանչեսթըրի նոր մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիօ կը հաւատայ, որ 27 տարեկան միջնապահին «Օլտ Թրեֆորտ» գալը պիտի զօրացնէ խումբին կեդրոնը: Ներկայ դրութեամբ, Մանչեսթըր Մխիթարեանի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար պատրաստ է վճարելու 24 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ...

Պիելսա` Լացիօ Ռոմայի Նոր Մարզիչ

Ֆրանսական Մարսէյ ֆութպոլի ակումբի նախկին մարզիչ Մարսելօ Պիելսա մինչեւ շաբաթավերջ պիտի ստանձնէ իտալական Լացիօ Ռոմայի գլխաւոր մարզիչի իր պաշտօնը, այս մասին կը հաղորդէ իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» թերթը: Կ՛ըսուի, որ արժանթինցին 2 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իտալական կազմին հետ: Շատ հաւանաբար Պիելսայի աշխատավարձը կազմէ 6 միլիոն եւրօ:

Եուվենթուս Փոկպայի Համար Կը Պահանջէ 140 Միլիոն Եւրօ

Ռէալ Մատրիտի համար Եուվենթուսի Ֆրանսայի միջնապահ Փոլ Փոկպայի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելը բաւական բարդացած է, այս մասին կը յայտնէ «Քատենա Քոփ»: Արքայական ակումբին նախագահը` Ֆլորենթինօ Փերես, բաւական դժգոհ մնացած է, երբ իմացած է, որ իտալական ակումբը ֆութպոլիստին փոխանցման համար կը պահանջէ 140 միլիոն եւրօ: Իսկ մարզիկին տարեկան աշխատավարձը ֆութպոլիստի գործակատար Մինօ Ռայոլայի կողմէ կը գնահատուի տարեկան 15 միլիոն եւրոյով: Վերջապէս, Ռայոլա...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Հասաւ Կիսաւարտական Հանգրուան

Լիբանանի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները այժմ հասած են կիսաւարտական հանգրուան: Առաջինին Իթթիհատ Մէյրուպա կը մրցի Սանթրալ Ժունիէի դէմ, իսկ Ահիա Ռիատա` Ամալ Պիքֆայայի դէմ: Նշենք, որ երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:    

Եուրօ-2016.  Փորթուգալ – Իսլանտա` 1-1 Եւ  Աւստրիա – Հունգարիա` 0-2. Ռուսիա Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Եուրօ – 2016. Ֆրանսա Յաղթական (2-0)` Մրցումին Վերջին Վայրկեաններուն. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Հետաքրքրական Մրցումներ

Եուրօ-2016- Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Ռուսիա - Սլովաքիա մրցումէն Առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Ռուսիան եւ Սլովաքիան, աւարտեցաւ Սլովաքիոյ յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: 39 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Վլատիմիր Ուես նշանակեց օրուան առաջին կոլը (32-րդ), մինչ անոր խմբակից Մարեք Համսիք նշանակեց երկրորդը (45-րդ): 80-րդ վայրկեանին Տենիս Կլուշանով նշանակեց Ռուսիոյ ուշացած կոլը: Այսպիսով Ռուսիա կրեց իր առաջին...

Կռփամարտ. Գուրգէն Յովհաննիսեան` Եւրոպայի Երիտասարդներու Փոխախոյեան

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ հայրենի կռփամարտիկները աւարտեցին իրենց ելոյթները` Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Անափայի մէջ: Այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող 9 մարզիկներէն 4-ը տիրացան մետալներու: Գերծանր կշիռին մէջ Գուրգէն Յովհաննիսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` աւարտականին պարտուելով Ռուսիոյ ներկայացուցիչէն: Իսկ պրոնզ մետալներու տիրացան Արսէն Աբգարեան (49 քկ), Ժորժիկ Մարութեան (56 քկ) եւ Գուրգէն Մատոյեան (69 քկ):  

«Քոփա Ամերիքա». Արժանթին Եւ Չիլի` Յաղթական

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ ամբողջացան Դ. խմբակին մրցումները, երբ անոր մաս կազմող խումբերը կատարեցին իրենց երրորդ մրցումը: Արժանթին արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը Պոլիվիոյ դէմ` 3-0 արդիւնքով: Էրիք Լամելա (13-րդ), Էզեքուիել Լաւեզի (15-րդ) եւ Քուեսթա (33-րդ) նշանակեցին երեք անպատասխան կոլերը: Չիլի, որ Արժանթինի հետ ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, 4-2 արդիւնքով յաղթեց Փանամայի: Էտուարտօ Վարկաս (15-րդ եւ...

«Էն. Պի. Էյ.» . Քաւալիրզ Ուորիըրզի Հետ Արդիւնքը Կրճատեց 3-2-ի

«էն.Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ: Նախքան մրցումը, Ուորիըրզ կը գերազանցէր իր մրցակիցը 3-1 արդիւնքով: Հետեւաբար, յաղթանակի մը պարագային անիկա պիտի հանդիսանար 2015-2016 տարեշրջանի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան: Սակայն Քաւալիրզ արգելք հանդիսացաւ Ուորիըրզի ախոյեան հանդիսանալուն եւ 112-97 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով արդիւնքը կրճատեց 3-2-ի: Իրենց կազմին արձանագրած այս...

Page 1095 of 1276 1 … 1,094 1,095 1,096 … 1,276

Արխիւներ