
Ֆութպոլի համակիրները Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին իրենց կատարած արարքներով խնդիրներ ստեղծած են երեք ֆետերասիոններուն համար:
«Պի. Պի. Սի.» կը յայտնէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կը պատրաստուի պատիժներ տնօրինել Հունգարիոյ, Փորթուգալի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն դէմ:
Նշենք, որ առաջին պատժուողը եղաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, որ 150 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Այսօր կը յստականայ Հունգարիոյ ստանալիք պատիժը, իսկ աւելի ուշ մնացեալ երկուքին կախակայումին մասին կը կատարուին յայտարարութիւններ:


