Մարզական

Եուրօ-2016.  Սպանիա Եւ Անգլիա Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

Եուրօ-2016. Սպանիա Եւ Անգլիա Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

Իտալիոյ առաջին կոլը նշանակած Ճիորճիօ Քիելինի Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 1-16-րդ հանգրուանի վերջին երկու ճակատումները: Առաջին մրցումը, որ եղաւ գագաթի ճակատում մը, իրարու դէմ հանեց Իտալիան եւ Սպանիան: Մրցումը աւարտեցաւ իտալացիներուն յաղթանակով, որոնք 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին տիտղոսակիր Սպանիան: Նախորդ ախոյեանութեան փոխախոյեանը` Իտալիա, 33-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, շնորհիւ Ճիորճիօ Քիելինիի նշանակած...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Սարգիս Յովսէփեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին Եւ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Նախորդ շաբաթավերջին Պուքրէշի մէջ (Ռումանիա) աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան: Ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշ Սարգիս Յովսէփեան (84 քկ), 4-1 արդիւնքով յաղթելով իր թուրք մրցակիցին` Սեմիհ Եազըճըի, տիրացաւ պրոնզ մետալին: 55 քկ դասակարգին մէջ, Մխիթար Գրիգորեան 16-9 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով չկրցաւ պրոնզ մետալը շահիլ, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական...

Վաթցքէ. «Մխիթարեանի Հարցով Վերջնական Որոշում Պիտի Տրուի Մինչեւ 4 Յուլիս»

Պորուսիա Տորթմունտի գործադիր տնօրէն Հանս - Եոաքիմ Վաթցքէ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադառնալով խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի, ըսաւ. «Այս շաբթուան ընթացքին կը գնահատենք իրավիճակը: Ցանկալի է, որ ֆութպոլիստներուն հետ կապուած բոլոր հարցերը լուծուին, մինչեւ փորձերը սկսիլը: Քիչ մը բարդ որոշում է, բայց պիտի փորձենք մինչեւ 4 յուլիս վերջնական որոշում մը տալ Մխիթարեանի գծով»: Ըստ անգլիական մամուլին, Մանչեսթըր Եունայթըտ Հայաստանի...

Պասքեթպոլ. Իտալիոյ Միջազգային Մրցաշարք.  Հուփս-1 Հասաւ Աւարտական

Պասքեթպոլ. Իտալիոյ Միջազգային Մրցաշարք. Հուփս-1 Հասաւ Աւարտական

Լիբանանեան Հուփս-1 պասքեթպոլի ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մաթիրայի (Իտալիա) միջազգային մրցաշարքին, շարունակելով իր տպաւորիչ ելոյթներուն շարքը յաջողեցաւ հասնիլ 2005-2006 տարիքի ծնունդ դասակարգի աւարտականին` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Հուփս 32-30 արդիւնքով յաղթեց ամերիկեան Նիւ Եորք խումբին: Ինչ կը վերաբերի Հուփս-2 խումբին անիկա եւս կը շարունակէ իր յաջող ներկայացումներու շարքը` նկատի ունենալով, որ...

«Քոփա Ամերիքա». Չիլի 2-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր, Յաղթելէ Ետք Արժանթինի` Փենալթիներով (4-2)

Երէկ` երկուշաբթի, 27 յունիսին, Միացեալ Նահանգներու մէջ աւարտեցաւ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` Արժանթինի եւ Չիլիի միջեւ: Ա. կիսախաղին երկու խումբերն ալ կորսնցուցին մէկական մարզիկ: Չիլիէն կարմիր քարտ ստացաւ Մարսելօ Տիազ (28-րդ), իսկ Արժանթինէն` Մարքոս Ռոխօ (43-րդ): Երկու կազմերն ալ փորձեցին կոլ նշանակել, բայց նոյնիսկ երկարաձգումին անոնք չյաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ: Մրցումին յաղթականը վճռելու համար դիմուեցաւ...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Հասաւ Քիշինեւ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը հասաւ Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւ: Հայրենի կազմը Մոլտովայի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Տիգրան Կէօքճեան:

Մինչ Կը Պահանջուի Սիմէոնէի Մարզիչ Նշանակումը. Մեսսի Եւ Ուրիշներ Կը Հեռանան Արժանթինի Ազգային Խումբէն

Տիեկօ Սիմէոնէ Իր կազմին` Արժանթինի կրած պարտութենէն ետք, Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի յայտնեց, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը եւ կը հեռանայ ազգային խումբէն: «Ի. Էս. Փի. Էն.- Արճենթինա» յայտնեց, որ Մեսսիի հետեւեցան նաեւ Խաւիէ Մասքերանօ եւ Սերճիօ Ակուերօ, մինչ Անխել Տի Մարիա, Կոնզալօ Հիկուային եւ ուրիշներ իրենց կարգին կը մտադրեն վերջ մը դնել իրենց միջազգային ելոյթներուն: «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի...

Եուրօ-2016.  Գերմանիա, Փորթուգալ Եւ Ֆրանսա Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը, Այսօր` Իտալիա – Սպանիա

Եուրօ-2016. Գերմանիա, Փորթուգալ Եւ Ֆրանսա Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը, Այսօր` Իտալիա – Սպանիա

Նախորդ շաբաթավերջին, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի վեց ճակատումներ եւ բնականաբար անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, վեց խումբեր հրաժեշտ տուին ախոյեանութեան եւ վերադարձան իրենց երկիրները: Լեհաստան դուրս ձգեց Զուիցերիան, երբ փենալթիներով` 5-4 արդիւնքով յաղթեց: 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով: Այս մրցումին ներկայ էր շուրջ 39 հազար հանդիսատես: Քառորդ աւարտականին Լեհաստան իր դէմ պիտի ունենայ Փորթուգալը, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 73-28

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - ՀՄԸՄ Պէյրութ երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան երէկ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ: Այս հանգրուանը, իրարու դէմ հանեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը եւ ՀՄԸՄ Պէյրութը: Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաղթանակով` 73-28 արդիւնքով: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ այսպիսով արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, բարձրացաւ 3-րդ դիրք, մինչ ՀՄԸՄ Պէյրութ նահանջեց...

Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Սանամեան Մաս Պիտի Կազմէ Գանձասար-Կապանի Մարզիչներու Կազմին

Նախապատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին, Գանձասար - Կապան ոչ միայն կը համալրուի նոր ֆութպոլիստներով, այլ նաեւ մարզիչով: Աշոտ Բարսեղեանի մարզիչներու կազմին մէջ ընդգրկուեցաւ Արմէն Սանամեան, որ պիտի կատարէ գլխաւոր մարզիչի օգնականի պարտականութիւնները: Նշենք, որ լիբանանեան Նըժմէ ակումբէն հայրենիք վերադարձած Սանամեանի վերջին ակումբը եղած էր Ալաշկերտ-2-ը, ուրկէ պաշտօնանկ եղած էր:  

Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան Արժանացաւ Աշխարհի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալին

Միջազգային հակախթանիչ դեղերու կազմակերպութեան (ՈՒԱՏԱ) կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու Հիուսթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 2015-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ընթացքին խախտումներ արձանագրուեցան: Անոր կողմէ կատարուած` խթանիչ դեղերու գործածութեան քննութեան արդիւնքներուն համաձայն, 24 ծանրաբարձներուն արդիւնքները տուին դրական պատախան: Անոնց կարգին եղաւ 2015-ի 77 քկ դասակարգին մէջ փոխախոյեան հանդիսացած Քիմ Քվանկ Սոնկ (Հարաւային Քորէա), որուն որակազրկման պատճառով Անդրանիկ...

Պասքեթպոլ. Հայաստան Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Իրանի Դէմ

Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան պատրաստուող Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին Միքա մարզահամալիրին մէջ բարեկամական մրցում մը կատարեց Իրանի երիտասարդական հաւաքականին դէմ: Հայրենի կազմը բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին դէմ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեան այս մրցումին դաշտ ներկայացուց իր բոլոր մարզիկները, որոնք նկատի առնուած էին Հայաստանի կազմին մէջ: Հայաստանի հաւաքականի ամէնէն անուանի մարզիկը` Պրայընթ Տանսթըն, շատ քիչ ժամանակով...

Ըմբշամարտ. Տիգրան Մնացականեան` Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականի անդամ Տիգրան Մնացականեան (74 քկ) Հայաստանին ապահովեց պրոնզէ մետալ մը, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումներուն: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Մնացականեան պրոնզ մետալին տիրացաւ յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Ֆազի Հիւսէյն Էրիլմազին, 5-2 արդիւնքով:

Նշմար.  Եւրոպայի Ախոյեանութեան  Անակնկալները

Նշմար. Եւրոպայի Ախոյեանութեան Անակնկալները

Ս. Է. Առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպայի ախոյեանութեան կը մասնակցին 24 երկիրներ: Ոմանց համար թերեւս տարօրինակ թուին մասնակցող երկիրները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով յայտնուած են աշխարհի ախոյեանութենէն ետք 2-րդ մեծագոյն հռչակ ունեցող մրցաշարքին` Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Առաջին անգամ 1960-ին, նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին մասնակցած 3 երկիրները, 56 տարիներ ետք կը ներկայացնեն այսօրուան 24 երկիրներէն 5-ը (Չեխիա, Սլովաքիա, Ռուսիա, Ուքրանիա եւ...

Եուրօ-2016.  Փորթուգալ – Իսլանտա` 1-1 Եւ  Աւստրիա – Հունգարիա` 0-2. Ռուսիա Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Եուրօ-2016. Այսօր` Խրուաթիա – Փորթուգալ. Վաղը` Ֆրանսա – Իրլանտա

Չորեքշաբթի, 22 յունիսին աւարտեցան խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան բոլոր մրցումները եւ յստակացան բոլոր այն կազմերը, որոնք ապահովեցին 1-16-րդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: Ինչպէս ծանօթ է, վերջին երկու օրերուն որեւէ մրցում չկատարուեցաւ եւ խումբերուն տրուած էր հանգիստ: Մրցումները կը վերսկսին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան երեք ճակատումներ: Վաղուան յայտագիրին վրայ եւս կան 3 մրցումներ: Այստեղ տեղին է նշել, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք բոլորն ալ տեղի կ՛ունենան վաղը` կիրակի, 26 յունիսին, իրարու դէմ յանդիման կու գան ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մէյրուպա – Ահիա Ռիատա` 1-0

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին (ընդամէնը` 5 մրցում), Մէյրուպա 66-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Ահիա Ռիատան (Զուք): Այս մրցումը տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք): Մէյրուպայէն 31 կէտ նշանակեց խմբապետ Ժոզեֆ Մանսուր: Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան վերոնշեալ մարզահամալիրին մէջ:  

1-9 Յուլիսին` Թենիսի Մրցաշարք` «Լա Քոլինա Քաունթրի Քլապ»-ի Մէջ

Հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, «Լա Քոլինա Քաունթրի Քլապ»-ը յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ Պազիլ Մկրտիչի անուան թենիսի տարիքային մրցաշարքը` իր համալիրին թենիսի դաշտերուն վրայ: Արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 29 յունիսը: Անուններու արձանագրութեան համար կարելի է կապ հաստատել հեռաձայնելով 04-524584 թիւին:  

Մխիթարեանի Մանչեսթըր Եունայթըտ Փոխանցումը` Մօտալուտ

  Անգլիական մամուլին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ համաձայն գտնուած է 40 միլիոն եւրօ վճարել Պորուսիա Տորթմունտին` ձեռք ձգելու համար անոր միջնապահը` Հենրիխ Մխիթարեանը: Կը նշուի, որ այս շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահը Մանչեսթըրի մէջ բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի: Նախապէս Եունայթըտ առաջարկած էր 36 միլիոն եւրօ, ինչ որ սակայն մերժուած էր: Մխիթարեանի գործող պայմանագրութիւնը գերմանական ակումբին հետ կ՛աւարտի 2017-ին:

Թենիս Ազարենքա Պիտի Բացակայի Ուիմպըլտընի Մրցաշարքէն

Նախապէս աշխարհի աղջկանց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւած թենիսվումըն Վիքթորիա Ազարենքա վնասուածքի պատճառով պիտի բացակայի Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքէն, այս մասին կը տեղեկացնէ «Տապլիու Թի. Էյ.»: Ան 2006-էն ի վեր միշտ ալ ներկայ եղած էր Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած այս կարեւոր մրցաշարքին: Նշենք, որ Ազարենքա «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին վիրաւորուած էր, երբ իր մրցումը...

Page 1092 of 1276 1 … 1,091 1,092 1,093 … 1,276

Արխիւներ