
«Քորրէօ տա Մանհա» թերթը, Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն կը պահանջէ ներում հայցել իր թղթակիցին վիրաւորած ըլլալու համար, կը հաղորդէ «ԱՍ»:
Թերթը նման պահանջ ներկայացուցած է նաեւ Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին վիրաւորանքի այս հարցը հետապնդելու համար:
Բազմաթիւ միջազգային պատկերասփիւռի կայաններ ցոյց տուին Ռոնալտոյի արարքը: Ան վերոնշեալ թերթին թղթակիցին ձեռքէն խլելով բարձրախօսը, զայն ուղղակիօրէն նետած էր լիճին մէջ:
 
			

