Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան յառաջիկայ օրերուն պիտի լքէ իր ակումբը` Արարատը, այս մասին հաղորդեց ArmSport.am:
Սուքիասեան նշեց, որ յառաջիկային մտադիր չէ որեւէ խումբ գլխաւորել, որպէսզի միայն կեդրոնանայ հաւաքականի աշխատանքներուն վրայ:
Այլ գետնի վրայ, Սուքիասեան անդրադառնալով Եուրա Մովսիսեանին ըսաւ, որ անոր հարցը ցարդ փակուած չէ եւ յառաջիկային անոր գծով յայտարարութիւն մը ունի կատարելիք: