
Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ սկսաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը:
Ախոյեանութեան առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան 50, 66, 74 եւ 96 քկ դասակարգի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Հայաստանի հաւաքականի անդամ Գէորգ Խումարեան (60 քկ), որ իր պայքարին սկսաւ 1-8-րդ հանգրուանէն, պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին ընթացքին 10-8 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Ալեքսանտր Խրուշինի:
Այսպիսով, առաջին օրը Հայաստան տիրացաւ միայն պրոնզ մետալի` նկատի ունենալով, որ Սերկէյ Սիմոնեան (55 քկ) եւ Արման Պաղտասարեան (74 քկ) պրոնզէ մետալին համար իրենց մղած պայքարին ընթացքին պարտուեցան:
Իսկ Վարշամ Մակարեան (96 քկ) պարտուեցաւ Ա. հանգրուանի մրցումներուն, յայտնեց ArmSport.am:


