«Լ՛Էքիփ.ֆր» մարզական կայքը կը հաղորդէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն 100 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին գտնուեցան անկարգապահ:
Անոր համակիրներուն կողմէ դէպի դաշտ նետուած պայթուցիկները` Չեխիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2-2), պատճառ դարձան, որ այդ հանդիպումը կարճ ժամանակամիջոցի մը համար ընդմիջուի:
Բացի ատկէ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն որոշեց Խրուաթիոյ կարգ մը համակիրներուն արգիլել տոմսերու վաճառքը: