
Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ, կը տեղեկացնէ «Մարքա»:
Աղբիւրին համաձայն, 31 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020: Նախորդը կ՛աւարտէր 2018-ին:
Պայմանագրութիւնը արդէն իսկ կնքուած է, իսկ պաշտօնապէս այդ մասին պիտի յայտարարուի Եուրօ-2016-ի մրցաշարքէն անմիջապէս ետք:
Ինչ կը վերաբերի անոր աշխատավարձին, անիկա պիտի մնայ նոյնը` տարեկան 21 միլիոն եւրօ:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շատ հաւանաբար աւարտէ 35 տարեկանին:
 
			

