Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքին միջոցով յայտարարեց երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչին` Թիթէի նշանակումին մասին:
55 տարեկան մասնագէտը, որ նախապէս եղած էր Քորինթիանսի եւ Ինթերնասիոլի մարզիչ, այսպիսով փոխարինեց Տունկային, որ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ձախող արդիւնք արձանագրելէ եւ Ա. հանգրուանէն իսկ դուրս մնալէ ետք պաշտօնանկ եղաւ:
Նշենք, որ Թիթէի հետ Քորինթիանս 6 անգամ հանդիսացաւ Պրազիլի ախոյեան:
Պրազիլի մարզիչի պաշտօնը պաշտօնապէս ստանձնելէն ետք Թիթէ ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ իր կազմին ապահովելու 2018-ի Մոնտիալի տոմսը: