
«Տը Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը շատ մօտէն հետաքրքրուած է Սպանիոյ ազգային խումբի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթայով եւ անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար անոր ակումբին` Ռէալ Մատրիտին կ՛առաջարկէ 50 միլիոն եւրօ:
Մայրաքաղաքի կազմին հետ, անոր ապագան այդքան ալ յստակ չէ, որովհետեւ տարբեր լուրեր շրջան կ՛ընեն անոր մասին:
Միջազգային մամուլին համաձայն, արքայական ակումբը շուտով պիտի սկսի անոր այլ կազմի մը փոխանցման գծով բանակցութիւններուն, մինչ այլ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Ռէալի մարզիչ Զինետին Զիտան կ՛ուզէ իր կազմին մէջ պահել սպանացին:
 
			

