
«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ կիսաւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Արժանթին եւ մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Միացեալ Նահանգներ:
Շուրջ 71 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Արժանթին 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Միացեալ Նահանգները:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Էզեքուիել Լաւեցցի (3-րդ), Լիոնել Մեսսի (32-րդ) եւ Կոնզալօ Հիկուային (50-րդ եւ 86-րդ):
Թէեւ Մեսսի նշանակեց մէկ կոլ, սակայն կատարեց նշանակուած առաջին եւ չորրորդ կոլերուն փոխանցումները:
Օրուան իրաւարարն էր Էնրիքէ Քասերես (Փարակուէյ):
Աւարտականին Արժանթին իր դէմ պիտի ունենայ Քոլոմպիա – Չիլի մրցումին յաղթականը: Կիսաւարտական այս երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր:


