ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ յայտնեց, որ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փիւնիկ իր մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս` հիւրը ըլլալով Ճիպրալթարի ներկայացուցիչին` Եուրոփայի:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 30 յունիսին` Ճիպրալթարի մէջ գտնուող Վիքթորիա մարզադաշտին վրայ:
Փիւնիկի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 յուլիսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ: