
Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցող մեծ տարիքի պատանիներու Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող Արթուր Շախպազեան (46 քկ) եւ Ռաֆայէլ Յակոբեան (48 քկ) նուազագոյնը ապահովեցին պրոնզ մետալներ, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Շախպազեան յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին, մինչ Յակոբեան` գերմանացի իր մրցակիցին:
Քառորդ աւարտական հասած Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները պարտութիւն կրեցին:


