Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Մէյրուպայի եւ Ահիա Ռիատիի միջեւ:
Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ:
Իսկ պարտուողը փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին աւարտին, 9-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւած Շանվիլի հետ, որուն յաղթանակը պիտի ապահովէ Ա. դասակարգի իր տոմսը:
Նշենք, որ Մէյրուպա – Ահիա Ռիատա հինգ մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):
Անոնց միջեւ առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 20:00-ին:


