Հենրիխ Մխիթարեան. «Նշանակութիւն Չունի, Թէ Որքա՛ն Վճարած Են Ինծի Համար»
Մանչեսթըր Եունայթըտի նորեկ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան վստահ չէ, որ կ՛ունենայ մնայուն տեղ անգլիական խումբի հիմնական կազմին մէջ: «Նշանակութիւն չունի, թէ որքա՛ն վճարած են իմ փոխանցումիս համար` 38 միլիոն կամ 40 միլիոն, ես երաշխաւորուած տեղ չունիմ հիմնական կազմին մէջ: Ես կը ձգտիմ ընել առաւելագոյնը մարզումներու ժամանակ, որպէսզի նուաճեմ տեղս: Յառաջիկային կը տեսնենք` կը խաղա՞մ ամէն խաղի, թէ՞ ոչ:...









