
Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութիւնը, այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Շաբաթ, 23 յուլիսին մրցասպարէզ դուրս եկան յունահռոմէական ոճի ըմբիշները:
69 քկ դասակարգի աւարտականը եղաւ զուտ հայկական:
Ոսկի մետալին տիրացաւ եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Մալխաս Ամոյեան, որ աւարտականին 9-0 արդիւնքով յաղթեց Ալպերթ Եղիկեանին:
Մինչեւ աւարտական հասնիլը, Ամոյեան յաղթեց գերմանացի, ռուս, թուրք եւ ազրպէյճանցի իր մրցակիցներուն` անոնց ոչ իսկ մէկ կէտ տալով (30-0):
Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամ Սամուէլ Գրիգորեան (50 քկ) աւարտականին 9-0 արդիւնքով պարտուելով իր վրացի մրցակիցէն տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ Արթուր Գալստեան նոյն դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը պատանեկան ախոյեանութեան իւրաքանչիւր դասակարգի մրցումներուն նոյն երկրի հաւաքականներուն առիթ կու տայ երկուքական մարզիկներով մասնակցելու, այս ձեւով աւելի քաջալերելով այս մարզաձեւին զարգացումն ու տարածումը:


